Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի թիմերը Արցախ սկսեր են նաեւ գրանցիլ այն մարդերը, որոնք կը փնտրեն իրենց երեխաները կամ կորցուցեր են կապը հարազատներու հետ:

Այս մասին տեղեկացուցեր են ԿԽՄԿ հայաստանեան գրասենեակէն յավելելով, որ բնակիչները նաեւ դիմեր են կոմիտէ՝ մահացած հարազատներու մարմինները տարհանելու խնդրանքով:

Ըստ յաղորդագրութեան՝ սեպտեմբեր 22-ին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի թիմերը տարհաներ են վերջին ռազմական գործողութիւններու ժամանակ վիրաւորուած 9 քաղաքացու:

Կոմիտէէն նշեր են, որ թեեւ սեպտեմբեր 20-ին զինադադար է յայտարարուեր, ռազմական գործողութիւնները թողեր են զգալի յետեւանքներ: Համայնքները տեղահանուեր են, հարազատները կորցուցեր են միմյանց հետ կապը, իսկ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ վիրաւորուած մարդիկ դեռ օգնութեան կարիք ունին:

«Սեպտեմբեր 18-ին ԿԽՄԿ-ն առաջին անգամ կազմակերպեց ցորենի ալիւրի եւ առաջին անհրաժեշտութեան բժշկական պարագաներու բեռներու միաժամանակեա փոխադրում Լաչինի միջանցքով եւ Աղդամի ճանապարհաւ: 

Շաբաթուա ընթացքը` ներառեալ սեպտեմբեր 22-ին, բժշկական պարագաներ են տրամադրուեր ռազմական եւ քաղաքացիական հիվանդանոցները, 28 հազար մանկական տակդիր է բաժանուեր, 200 տաք ծածկոց է տրամադրուեր ներքին տեղահանուածներու ապաստարանը, 1000 լիտր դիզելային վառելիք է նուիրաբերուեր ամէնամեծ բժշկական կէդրօնը` գեներատորներու անխափան աշխատանքը ապահովելու համար, 500 լիտր դիզելային վառելիք է տրամադրուեր Ջրային կոմիտէն` քաղաքի ջրամատակարարումը էլեկտրական գեներատորներու միջոցով կազմակերպելու համար»,- նշուած է ԿԽՄԿ յաղորդագրութեան մէջ՝  ընդգծելով, որ վերջին ամիսներու, պայմանաւորուած տարածաշրջանը ծանր հումանիտար իրավիճակով, գրեթէ անհասանելի են եղեր առաջնային նշանակութեան սննդամթերքն ու առողջապահական ծառայութիւնները:

ԿԽՄԿ-ն կը նախատեսէ մեծացնիլ իր աջակցութեան ծաւալները եւ բանակցութիւններ կը վարէ որոշում կայացնողներու հետ` սնունդի եւ հիգիենայի պարագաներու մատակարարման վերաբերեալ: