Այսօր Հայաստան է ժամաներ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Սամանթա Փաուերը՝ հաստատելու ԱՄՆ աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեանը, անկախութեանը, տարածքային ամբողջականութեանը, ժողովրդավարութեանը, ինչպէս նաեւ քայլեր ձեռնարկելու Արցախ տեղի ունեցած վերջին բռնութիւններէն բխող հումանիտար կարիքներու բաւարարման ուղղութեամբ։  

ԱՄՆ ՄԶԳ տնօրէն Փաուերի հետ Հայաստան է Եվրոպայի եւ Եվրասիոյ հարցերով պետքարտուղարի տեղակալի պաշտօնակատար Իւրի Քիմը։

Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ  աջակցիլ տարածաշրջանը արժանապատիւ ու տեւական խաղաղութիւն հաստատելու Հայաստանի ջանքերը։

Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած է Արցախ տիրող հումանիտար իրավիճակին մասին հաղորդումներով եւ կոչ կընէ անարգել մուտք ապահովիլ միջազգային հումանիտար կազմակերպութիւններու եւ կոմերցիոն փոխադրումներու համար։