Սեպտեմբեր 23-ին հարիւրաւոր մարդիկ յաւաքուեր էին Բեռնի տաճարի հրապարակը՝ պահանջելու դադարեցնիլ «ադրբեջանական ագրեսիան Արցախ»։ Անոնք Համադաշնութենէ  կը պահանջէին աւելի համարձակ որոշումներ ընդունիլ Արցախին հայերու պաշտպանութեան հարցով։

Բանախօսներն ընդգծեցին, որ  եվրոպական երկրներու լուռ համաձայնութեան հովանու ներքոյ տեղի կուենա ցեղասպանութիւն։  Անոնք ընդգծեցին , որ պատերազմի ֆինանսաւորումը տեղի է ունեցեր Բաքուի պետական ​​նավթագազային SOCAR ընկերութեան կողմէն, որը  ռեսուրսները ձեռք է  բերեր ՝ եվրոպական երկիրները նավթի եւ գազի վաճառքի շնորհիւ։Շուէյցարիոյ խորհրդարանի ընկերվարներէն Լորենս Ռիել ՖԵԼՄԱՆն իր ելոյթը նշեր է. «Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան դէմ ռմբակոծութիւններու ծախսերը կը վճարուին եւ Շուէյցարիա վաստակած գումարներէն»։ 

Բանախօսը նշեց, որ Արցախի 120,000 հայեր կը գտնուին էթնիկ զտումներու վտանգին տակ եւ զրկուած են իրենց բոլոր հիմնական կարիքներէն:

Նշենք, որ ցոյցը մասնակցեր եւ իրենց աջակցութիւնն են յայտներ ազգային եւ կանտոնային բազմաթիւ խորհրդարանականներ, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։