Western Armenia tv-ին «Արեւմտեան Հայաստանի հայերու հարցին շուրջ» նախագծի շրջանակը կը ներկայացնէ՝՝ «ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ԾԱԳՈՒՄՆ ՈՒ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ» շարքը։
ԱՐՑԱԽ ԹԷ ՂԱՐԱԲԱՂ
Արցախը գոյութիւն ունէ շուտուընէ ի վեր: Դեռեւս առաջին հայկական թագաւորութիւններու օրոք Արցախը եղբայրական թագաւորութիւն էր, որտեղ մարզպետներն ու թագաւորները Հայաստանի ղեկավարներու ամէնամոտ հարազատներն էին:
Երկրամասը տարբեր ժամանակաները հանդէս է եկեր տարբեր անուններով, որոնցմէ ամէնահինը «Արցախ» անուանումն է։ Ատոր յստակ ստուգաբանութիւնը յայտնի չէ։ Տեղանունը ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւնները հանդես կու գար «Ուրտեխե» եւ «Ուրտեխինի» ձեւերով։ Մ.թ. 1-ին դարի յոյն յեղինակ Ստրաբոնի «Աշխարհագրութիւն» աշխատութեան մէջ երկրամասը կը յիշատակուի «Օրխիստենա» անունով՝ որպէս Մեծ Հայքի նահանգներէն մէկը, յայտնի իր մեծաքանակ այրուձիով։
Միջնադարը Արցախը յայտնի է եղեր նաեւ «Ծավդեք» (Ծավդեաց իշխանական տան անունով, որ Առանշահիկներու մի ճիւղն կը կազմեր), «Փոքր Սիւնիք»։ 10-րդ դարէն, երբ Առանշահիկները երկրի քաղաքական կէդրօնը տեղափոխեր են Խաչենագետի հովիտ, «Արցախ» տեղանունն աստիճանաբար փոխարինուեր է «Խաչենով»։ 18-րդ դարի որոշ ռուսական փաստաթուղթերը գործածական է «Փոքր Հայաստան» անուանումը։ Միեւնոյն ժամանակ Ուտիք նահանգի հետ միասին Արցախը կոչուեր է «Աղուանք», «արեւելից կողմանք», «Խորին աշխարհն Հայոց»։ Պատմական սկզբնաղբիւրները «Ղարաբաղ» անուանումը կը յիշատակուի 14-րդ դարէն: «Ղարաբաղ» տեղանունը յստակ ստուգաբանութիւն չունէ։
Ըստ մէկ ստուգաբանութեան այն ձեւաւորուեր է պարսկական աշխարհագրական անուանակարգի հիման վրայ. ի տարբերութիւն երկրամասի հարթավայրային մասի, որը կը կրեր «Բաղ-ի սաֆիդ» (Սպիտակ այգի) անունը, անոր լեռնային յատուածը անուանուեց «Բաղ-ի սայիդ», որ թուրքալեզու ժողովուրդներու քով վերափոխուեց «Ղարաբաղի» (Սև Այգի) կամ Կար, որը հայերէն կը նշանակէ «քար»:
Ըստ երկորրդ ստուգաբանութեան՝ «բաղ» արմատով բազմաթիւ տեղանուններ գոյութիւն ունեին Սիւնիք, Արցախ, Գանձակ եւ այլուր։ Եւ «Ղարաբաղը» «Բաղաբերդ» տեղանվան պարզ ու սովորական թարգմանութիւնն է։ «Ղարաբաղի» առաջին՝ «ղարա» մասը հայերէն «բերդ» բառի թարգմանութիւնն է՝ լ-ր հնչիւնափոխութեամբ։ Ինչպես օրինակ, Կալա-կարա՝ Կալա, Կալաքենդ (Բերդաշեն), իսկ պաշտօնական փաստաթուղթերը՝ Կարաքենդ։ Տեղանուան երկրորդ՝ «բաղ» մասը օտար նվաճողներու կողմէն չի թարգմանուեր Այսպիսով՝ Ղարաբաղը Բաղաբերդ տեղանուան քմահաճ թարգմանութիւնն է։ Անցնելով Ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան տակ՝ «Ղարաբաղ» անուանը կը կցուի նաեւ «нагорный» (լեռնային) ռուսերէն ածականը՝ բնութագրելու համար անոր լեռնային երկիր ըլլալը: «Բաղ»-ը հայերէն կարելի է թարգմանել նաեւ սառը։
Այսպիսով, «Լեռնային Ղարաբաղ» անուան երկու բաղադրիչներէն մէկն ունէ ռուսական ծագում, իսկ միւսը պարսկական։
«Արցախ» տեղանունը կրկին կը շրջանառուի 1988 թուականէ: