Western Armenia TV-ի «Արցախեան քրոնիկոն» շարքի այսօրուա համարը.

Օրուա ցանկացած ժամի տեղահանուած մարդկանց խումբերը Արցախէն կը հասնեն Կոռնիձոր՝ Հայկական կարմիր խաչի ընկերութեապ մարդասիրական կայան։

Այդ մարդկանց ամբողջ ունեցուածքը հիմնականը  քանի մը տոպրակ է՝ մեքենայի կտուրը բարձած։ Կայան հասնելէն ետք անոնց սնունդ կը բաժնեն եւ կը սկսեն գրանցման գործընթացը։ Գրանցումէն ետք այն մարդիկ, ովքեր ունին նախընտրած գնալու վայր, կը շարունակեն ճանապարհը, իսկ անոնք, ովքեր մնալու տեղ չունին, կ՚երթան  Գորիսի դրամատիկական թատրոնի շէնք, այնտեղէն ալ՝  ժամանակաւոր կացարան։

Սեպտեմբեր 26-ին՝ ժամը 08:00 դրութեամբ, Արցախէն Արեւելեան Հայաստան մուտք է գործեր բռնի տեղահանուած 13 550 անձ:  Նշինք,որ Արեւելեան Հայաստան տեղափոխուիլ ցանկացող եւ սեփական տրանսպորտային միջոց չունեցող քաղաքացիներն առաջիկա օրերը հնարաւորութիւն կունենան գրանցուիլ եւ տեղափոխուիլ ավտոբուսներով։ Այս մասին կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտաբը։

Արցախի տեղեկատուական շտաբը կը յայտնէ նաեւ, որ Ստեփանակերտ վառելիքի պահեստը տեղի ունեցած պայթիւնի եւ բռնկուած հրդեհի պատճառաւ դեռեւս բազմաթիւ քաղաքացիներու մասին չկան տեղեկութիւններ:

«Հարազատները կը խնդրենք անհետ կորածներու վերաբերեալ տեղեկութիւններ յաղորդիլ` հեռաձայնելով 047 96 19 06 հեռախօսահամարը», ըսուած է յաղորդագրութեան մէջ: