Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Էբրահիմ Ռայիսին եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլադիմիր Պուտինը հեռախոսազրոյցին ընթացքը քննարկեր են Արցախ  ստեղծուած իրավիճակը։ Այս մասին յաղորդագրութիւն է տարածեր Կրեմլի մամուլի ծառայութիւնը։ 

Կը նշուի, որ մտքերու հանգամանալից փոխանակում է տեղի ունեցեր Արցախին շուրջ ստեղծուած իրավիճակի եւ Բաքուի  ու Հայաստանի միջեւ հարաբերութիւններու կարգավորման խնդիրներու շուրջ:

«Վլադիմիր Պուտինը տեղեկացուցեր է ՌԴ խաղաղապահ զորախումբի գործունեութեան մասին, այդ թուին ՝ խաղաղ բնակիչները մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու, Արցախի հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ: Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահները շեշտեր են բոլոր հարցերը բացառապէս խաղաղ, քաղաքական-դիվանագիտական միջոցներով լուծելու կարեւորութիւնը::

Փոխադարձ հետաքրքրութիւն է արտայայտուեր «3+3» խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակի (Բաքու, Երեւան, Թբիլիսի, Մօսկուա, Թեհրան  եւ  Անկարա) աշխատանքի ակտիվացման հարցը»,- նշուած է յաղորդագրութեան մէջ: