Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը կոչ կընէ բռնի տեղահանուած արցախցիները նախքան իրենց տուներէն դուրս գալը անպայման վերցնիլ անձը հաստատող փաստաթուղթերը, գոյքի սեփականութեան իրաւունքի հետ կապուած բոլոր փասթուղթերու բնօրինակները, լուսանկարիլ ադրբեջանական ագրեսիայի յետեւանքով վնասուած շէնք-շինութիւնները։ 

Վերջիններս Միջազգային իրաւապաշտպան մարմինները դիմումներ եւ պահանջներ ներկայացնելէն ետք դատական գործերու իրեղեն ապացոյցներ եւ հիմքեր կրնան յանդիսանալ։ 

Արցախին դէմ Բաքուի կողմէն սանձազերծած պատերազմի յետեւանքով Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստան ժամանած անձինք չունին «փախստականի» իրաւական կարգավիճակ։ «Փախստականներու կարգավիճակի վերաբերեալ» Ժնեւի համաձայնագիրի (այսուհետ՝ Կոնվենցիա) 1-ին յօդուածին (Ե) կետով կը սահշանուի, որ «Սոյն Համաձայնագիրին  դրոյթները չեն կիրառուի այն անձին նկատմամբ, որն այն երկրի իրաւասու մարմիններու կողմէն, որտեղ նա ունեցեր է բնակութեան վայր, ճանաչուեր է այդ երկրի քաղաքացիութիւն ունենալու հետ կապուած իրաւունքներ ու պարտականութիւններ ունեցող»։ Նշուխծ դրոյթը պարզաբանող՝ ՄԱԿ-ի Փախստականներու գիծով գերագոյն հանձնակատարի «Փախստականի կարգավիճակը սահմանող ընթացակարգերու եւ չափանիշներու ձեռնարկ»- ի 144-145-րդ պարբերութիւններու համաձայն՝ «144. Այս դրոյթը կը վերաբերուի այն անձանց, ովքեր կրնան ընկնիլ փախստականի կարգավիճակ ստանալու սահմանման տակ եւ ովքեր ընդունուեր են տուեալ երկրի կողմէն, որտեղ իրենց տրուեր է այդ երկրի քաղաքացիները վերապահուած իրաւունքներու մեծ մասը, սակայն չի շնորհուեր քաղաքացիութիւն: Երկիրը, որն ընդուներ է անոնց, յաճախ այնպիսին է, որտեղ բնակչութիւնն ունէ նոյն ազգային (էթնիկ) ծագումը, ինչ փախստականներն իրենք»: Նշուած կարգավորումները որեւէ կերպ չեն անդրադառնար տեղահանուած անձանց սոցիալական խոցելի կարգավիճակին վրայ, քանի որ տեղահանուած անձիք ընկերվարական իմաստով կը դիտարկուին որպէս «փախստական կարգավիճակի նման իրավիճակը յայտնուածներ» (people in refugee like situations)։