Սեպտեմբեր 27-ին, լրացաւ Արցախեան 44-օրեա պատերազմի 3-րդ տարելիցը: 2020 թուականի սեպտեմբեր 27-ին` առաւօտուն ժամը 07:10, Բաքուի լայնածաւալ պատերազմ սկսեց Արցախին դէմ։ Մարտական գործողութիւնները ընթացեր են արցախա-ադրբեջանական շփման գիծի ողջ երկայնքով, ինչպէս նաեւ հայ-ադրբեջանական շփման գիծի որոշ յատուածները: Հայաստան եւ Արցախ յայտարարուեր էր ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զորահաւաք։ 

44-օր անց՝ 2020 թուականի նոյեմբեր 10-ին, Ռուսաստանի Դաշնութեան անմիջական միջնորդութեամբ կնքուեց ռազմական գործողութիւններու դադարի մասին համաձայնագիր, ըստ որու Արցախին հանրապետութեան տարածքին մեծ մասն անցաւ Բաքուիի վերայսկողութեան տակ։

Պատերազմը Բաքուն կիրառեր էր իր ողջ զինանոցը՝ ԱԹՍ-ներու, նորագոյն տեխնիկայի եւ ծանր հրետանու լայնամասշտաբ ռազմական օգտագործմամբ եւ ինֆորմացիոն դաշտը պաշտօնական հակամարտութեամբ։ Պատերազմն կ՚անուանէին 5-րդ սերունդի։

Բաքուի  բացայայտ ռազմական աջակցութիւնն է ցուցաբերեր Անկարան։ Հայ երիտասարդներու դէմ  կռուին մէջ ներգրավուած էին նաեւ վարձկան ահաբեկիչներ Սիրիայէն:

Բազմաթիւ երկրներ եւ միջազգային կառոյցներ խստորեն դատապարտեր էին պատերազմը՝ կողմերը կոչ ընելով անյապաղ դադարեցնիլ կրակը եւ վերսկսիլ կառուցողական բանակցութիւնները։ 

Երեք տարի անց սեպտեմբեր 19-ին Արցախ  կը սկսուի «արցախեան երրորդ պատերազմ» անուանումը ստացած մարտական գործողութիւնները։

Պատերազմին երկրորդ օրը  Բաքուն կ՚առաջարկէ Արցախին զինուած ուժերը եւ ղեկավարութիգնը հանձնուիլ եւ կը յայտարարէ, որ պատրաստ է հանդիպիլ «հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ՝ քննարկելու Բաքուին ինտեգրվելու հեռանկարները»։

Արդիւնքը Արցախը «կը կցուի» Բաքուն:

Եվրամիութիւնն ու ԱՄՆ-ն Բաքուն  կոչ կ՚ընեն դադարեցնիլ ռազմական գործողութիւնները։ Ֆրանսիան կը պահանջէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստ յրաւիրիլ: Այն տեղի կունենա սեպտեմբեր 21-ին։

Երեւան բողոքի ցոյցեր կը սկսուին կառավարութեապ շէնքի քով՝  Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։ Միաժամանակ բողոքի ցոյց է կայացեր ՌԴ դեսպանատան քով։ Ոստիկաններու հետ բախումներու արդիւնքը քանի մը մարդ կը վիրաւորուի։ Արցախցիները կը տեղահանուեն իրենց տուներէն: