Մենք կոչ կընենք Բաքուն ապահովիլ միջազգային մուտք դեպի Արցախ՝ ապահովելու անհրաժեշտ օգնութեան աւելի արդիւնաւետ առաքումը, ինչպէս նաեւ անկախ մոնիտորինգ, թէ ինչ կը կատարուի եւ ինչպէս կը վերաբերուին բնակչութեանը։ Այս մասին ՝ սեպտեմբեր 27-ին, ճեպազրոյցին ընթացքը ըսեր է ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Պետեր Ստանոն։
Անոր խօսքով, ամէնակարեւոր կետերէն մէկը վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներն են, որոնց կապակցութեամբ նա կոչ է ըրեր Բաքուն կատարիլ իր պարտաւորութիւնները, որոնք «կախուած են հրադադարին համաձայնած Արցախին հայկական ուժերը համընդհանուր համաներման առաջարկէն»։