ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրեն Սամանթա Փաուերը շեշտեր է քաղաքացիներու տեղաշարժի, սնունդի, դեղորայքի մատակարարումներու համար Բերձորի միջանցքն ամբողջութեամբ բաց պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Ս. Փաուերն այս մասին ընդգծեր է Արեւելեան Հայաստան այցէն ետք իր յայտարարութեան մէջ:
«Բերձորին միջանցքը պետք է ամբողջութեամբ եւ մշտապէս բաց մնա, որպէսզի քաղաքացիական անձինք կարողանան ազատորեն գնալ եւ վերադառնալ, համայնքները կարողանան օգտուիլ սնունդէն, դեղորայքէն եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներէն, իսկ մարդասիրական կազմակերպութիւնները կարողանան տեսնիլ եւ բավարարիթ կարիքները տեղը»,-նշեր է Ս. Փաուերը: ԱՄՆ ՄԶԳ տնօրրնը շեշտեր է Բաքուի պարտաւորութիւնը՝ պաշտպանելու խաղաղ բնակիչները, հարգելու մարդկանց իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները:
ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործ ակալութեան (USAID) ղեկավար Սամանթա Փաուերը եւ ԱՄՆ պետքարտուղարի՝ Եվրոպայի եւ Եվրասիոյ հարցերով օգնականի պաշտօնակատար Իւրի Քիմը Արեւելեան Հայաստան էին ժամաներ սեպտեմբեր 25-ին: Անոնք այցելեր էին նաեւ Կոռնիձոր, Ս. Փաուերն անձամբ էր շփուեր բռնի տեղահանուած քաղաքացիներու հետ, ծանօթացեր իրավիճակը: