
Չարենցը կ՚ըսեր, որ դաշնակները ամէնապատասխանատու պահին կը դավաճանեն: Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը:Այստեղ հարցը Չարենցի ըսածը չէ, այլ այն որ հէնց դաշնակները կը սկսեն դավաճանիլ, ուրեմն ազգին համար ամէնապատասխանատու պահը եկեր է: Ամեն պարագային պատմութիւնը այդ կը փաստէ: Western Armenia Tv-ին կը ներկայացնէ պատմական իրադարձութիւններ, որոնք մէկ դար անց կը կդկնուին։
Առաջին աշխարհամարտը մեզ համար վերջացեր է սոսկալի աղետով, իսկ ատկէ եւ հազարամեա խավարէն ետք վերականգնուած պետականութիւնը դարձեալ չի լուծեր մեր հարեւաններու հետ գոյակցելու եւ համաշխարհային քաղաքականութիւնը ու միջազգային հարաբերութիւնները իր տեղը գտնելու գոյաբանական հարցը:
1920-2023 Պատմութեան չսերտուած դասեր
«Խաղաղութիւն»
1920 թուականին թուրքական իշխանութիւնը, նվաճելու համար ամբողջ Հայաստանը, իր բոլոր քայլերը կը քողարկէր խաղաղութեան անուան տակ։1920 թ. նոյեմբերին սկիզբը Թուրքական իշխանութեան արտգործնախարար Մուհթար բեյը հեռագիր-կարգադրութիւն կ՚ուղարկէ Արեւելեան ճակատի հրամանատար Քյազիմ Քարաբեքիր փաշային` Հայաստանին հետ բանակցութիւններու նպատակի ու ձեւի վերաբերեալ.«… Բացարձակ անհրաժեշտութիւն է, որ Հայաստանը քաղաքականապէս ու նիւթապէս մեջտեղէն վերացուի:…Ատկէ կը բխէ, որ քննարկման առարկա չի կարող ըլլալ հայերու հետ պարզ զինադադարի մը համաձայնութեան արդիւնքը մեր հետ քաշուիլը: Հայերը փոխանցուող զինադադարին հիմնադրոյթները պիտի ուղղուած ըլլան ոչ թէ Հայաստանէ դուրս գալուն, այլ հայերը մոլորեցնելուն եւ Եվրոպայի նկատմամբ խաղաղասէս երեւալուն…Ներկայիս բացարձակ անհրաժեշտութիւն է զորացուցեր հայկական բանակը եւ բռնագրաուեր անոր զէնքը` այդպիսով յնարաւորութիւն չտալով, որ վերականգնուի անոր ռազմական կառոյցը: Երկաթուղիները յսկողութեան տակ պահելու եւ մահմեդական ազգաբնակչութեան իրաւունքները պաշտպանելու պատրուակով անհրաժեշտ է մեր ռազմական յսկողութիւնը հաստատիլ Հայաստանի ողջ տարածքին վրայ եւ այդպիսով մեր ձեռքը պահիլ Թուրքիան Բաքուն կապող բոլոր ճանապարհները:
Վերը նշուած այդ նպատակը պիտի իրականացնիլ քողարկուած ու փափուկ ձեւով` ինչպէս խաղաղութեան պայմանագիրի տեքստը, այնպես ալ անկէ բխող գործողութիւնները` հայերու աչքերը մշտապէս խաղաղասէր երեւալու պայմանով»:
Անցեր է 103 տարի։ Իրավիճակը նոյնն է, Թուրքական իշխանութունը կը յետապնդէ նոյն նպատակը՝ նոյն ձեւերով, իսկ մենք կ՚ընենք նոյն սխալը»։