Գորիսի կէդրօնական փողոցներու գրեթէ ամէն անկիւնը կարելի է նկատիլ Արցախից տեղահանուած մարդկանց խումբեր։ Անոնց դիմաց ընդամէնը  քանի մը  պայուսակ է դրուած՝ այն, ինչ համարեր են ամէնակարեւորը ու կարողացեր են իրենց հետ բերիլ։ 24 ժամէն աւելի ճանապարհ գալէն ետք մարդիկ անորոշ նստած են աստիճաններու վրայ, քարերը ու կը սպասեն, թէ որտեղ իրենց ապրելու տեղ կտան։ Գորիս այլեւս մարդկանց տեղաւորելու հնարավորութիւն չկա․ հյուրանոցներն ու հիւրատուները շուտուընէ ամբողջութեամբ զբաղուած են։ Դրամատիկական թատրոնի դիմաց մեքենաները ժամանակաւոր տուներու են վերածուեր: Կիսաբաց բեռնախցիկներէն կ՚երեւան  հանգուցեալներու լուսանկարներ, կենցաղային պարագաներ, փափուկ խաղալիքներ։ Յաճախ ամբոխին մէջ մարդիկ կը նկատեն զիրար, կը գրկախառնուեն, հարցուփորձ կ՚ընեն ու կու տան ամէնակարեւոր հարցը՝ ձեզի ո՞ւր են ուղարկեր:  «Կռիվը, որ սկսեր է մենք տունէն անգամ մը լուցկի չենք վերցուցեր, զաւակոց շորերէն բան չենք վերցուցեր:  Կերպ մը եկանք, հասանք էստեղ, հիմա տեսնենք կրնա՞նք հարմարվուիլ ապրոլ հոս, թէ՞ ոչ:  9 ամիս սովամահ եղանք ու վերջն ալ տուինք Արցախը։ Թող սոված ըլլանք, բայց մեր Արցախին մէջ ըլլանք:  Եկանք, ընկանք փողոցները՝ մեր տունը, տեղը, անասունները  թողած, դարձանք քոչվոր։ Մենք բան չէինք ուզեր  մէկէն ո՛չ ուտելիք, ո՛չ օգնութիւն․ ճանապարհը որ բաց ըլլար, մենք ամէն ինչ ալ կստեղծեինք։ Ի՞նչ ըսեմ, սա ա, չենք կրնանր  փոխիլ:  Ես երբեք չէի պատկերացնի, որ մեր Արցախը կկորցնենք, բայց կորցուցինք, ափսոս, որ կորցուցինք»,- լրագրողներու հետ զրոյցը ըսեր է  արցախցի Զինա Գեւորգեանը: