
Պարտութիւնը 2020 թուականի պատերազմը ու 2023-ին Արցախին կորուստի ժամանակագրորեն համընկաւ ճիշտ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած թուրք-հայկական պատերազմին հետ։ Հանրութիւնը սկսեց զուգահեռներ անցկըցնիլ Կարսի եւ Արցախի անկման միջեւ, իսկ ռուս խաղաղապահները տեղակայումը եւ ռուս-թուրքական համատեղ քայլերը համեմատուեցան 1920 թ. վերջին Հայաստանի խորհրդայնացման հետ։ Ի յաւելումն այս ամէնի՝ Արցախին շուրջ հիւսուող դաւադրաբանական տեսութիւնները զարմանալիորեն կը յիշեցնեն 1920 թ. հոկտեմբեր 30-ին Կարսի անկումէն ետք տարածուող պատմութիւնները: Կորուստին ցաւը շատերը կ՚ուղղորդէ դեպի պատմական անցեալ, որու մէջ մարդիկ կը փորձեն գտնիթ այսօրուա շատ հարցերու պատասխաններ։ Կեանքը միշտ ալ կը սսիպէ ժամանակ առ ժամանակ հայացք ձգել անցեալը:
Այս քննարկումներու մէջ, սակայն, կ՚արուի հիմնական մէկ բացթողում, որն առկա էր նաեւ 1920 թ. ուշ աշնանը. թե՛ Կարսի, եւ թե՛ Արցախի անկումը կը դիտարկուի մեկուսի՝ կտրուած ռազմական գործողութիւններու, քաղաքական իրադարձութիւններու, ներհայկական խորը հակասութիւններու ընդհանուր տրամաբանութենէ: Միեւնոյն ժամանակ, տասնամեակներ շարունակ թէ Կարսի թէ Արցախին շուրջ հիւսուեր է անառիկութեան պատկերացում, ինչի պատճառաւ ալ ատոնց կորուստը հանրութիւնը կրնա բացատրիլ միայն դավեաճանութամբ։ Եթէ Արցախի անկման պատճառները դեռեւս ուսումնասիրուած չեն եւ շատ հարցեր բաց են, ապա 1920 թ. Կարսի անկման պատճառներու մասին կան որոշ տեղեկութիւններ, որոնք թոյլ կու տան, եթէ ոչ ամբողջական, ապա ընդհանուր պատկերացում կազմիլ 103-ամեան վաղեմութեան իրադարձութիւններու մասին։
Բացի այդ, կարեւոր կը ճամարենք նշիլ, որ հանրային այն պատկերացումը, թէ անցեալը տեղի ունեցած դեպքերը նոյնութեամբ կը կրկնուին այսօր, ճիշտ չէ եւ կարող է սխալ եզրակացութիւններու հանգեցնիլ: Նոյնքան վտանգավոր է անցեալի իրադարձութիւններն անտեսիլը եւ քաղաքական ու աշխարհաքաղաքական ինչ-ինչ կարծրատիպեր որդեգրիլը։ Լավագուն լուծումը պատմութեան համակողմանի եւ ամէնակարեւորը՝ անկեղծ լուսաբանումն է, ինչը թոյլ կու սար հասկընալ աշխարհաքաղաքական գործընթացները, տարածաշրջանի երկրներու շահերն ու անոնց հնարավոր գործողութիւնները, ինչպէս եւ սեփական բացթողումները։ Յաշուի առնելով 1920թ. վերջի իրադարձութիւններու մասնակի նմանութիւնը 2023թ. Արցախեան պատերազմին՝ կփորձենք ընդհանուր գիծերով անդրադառնալ 1920-ի թուրք-հայկական պատերազմին որոշ հարցերու։