
ՄԱԿ-ի Պարենի համաշխարհային ծրագիրը կ՚ակտիւագնուէ իր ջանքերը՝ օգնելու այն մարդկանց, ովքեր վերջերս են ժամաներ Հայաստանի սահման: Շաբաթ օրուա դրութեամբ՝Արեւելեան Հայաստանի կառավարութունը հաստատեր է, որ սեպտեմբեր 23-էն ի վեր՝ աւելի քան 100,000 մարդ է ապաստան գտեր Հայաստան:
Սահման ժամանողներու այս թիվը վերջին օրերը կտրուկ աճեր է, ինչը հանգեցուցեր է սահմանային անցակետերը երկարաձգուած հերթերու։ Անոնց թիւը կան տարեցներ և բազմաթիւ երեխաներ։ Սահման ժամանողները հաճախ հիւծուած վիճակին մէջ են եւ անյապաղ շտապ օգնութեան կարիք ունին՝ այդ թուին՝ տաք սնունդ եւ այլ պարենային օգնութիւն:
ՊՀԾ-ն արդեն իսկ երկու վրան է տեղադրեր Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքը՝ Հայաստանի հարաւարեւելեան սահմանին վրայ: Հինգշաբթի օրոպա դրութեամբ՝ սահմանը հատած մարդկանց աւելի քան 2000 տաք սնունդ է բաժանուեր։ ՊՀԾ-ն կը նախատեսէ առաջիկա երկու շաբաթուա ընթացքը եւս 21,000 տաք սնունդ տրամադրիլ:
ՊՀԾ-ն նաեւ կը տրամադրէ պարենային փաթեթներ, որոնք կը պարունակեն սպիտակուցներով հարուստ սննդամթերք, հացահատիկ եւ ձէթ՝ 30,000 մարդու համար: Բացի այդ, ՊՀԾ-ն պատրաստ է տրամադրիլ սնունդի քարտեր՝ աւելի քան 6000 անհատներու աջակցելու նպատակով եւ համագործակցելով գործընկերներու եւ յովանավորներու հետ աւելի ընդլայնիլ աջակցութիւնը՝ ըստ կարիքներու աւելի մեծացման:
«Մենք խորապէս անհանգստացած ենք այս տեղահանումներու յետեւանքով խաղաղ բնակիչներու կեանքի եւ կէնսապահովման համար: Քանի որ իրավիճակը գնալով աւելի կը վատթարանար, կարեւոր է, որ տուժած մարդիկ շարունակեն ժամանակին եւ շարունակական կերպով օգտուիլ մարդասիրական աջակցութընէ», – նշեր է ՄԱԿ-ի ՊՀԾ ներկայացուցիչ եւ հայաստանյան գրասենեակի տնօրէն Նաննա Սկաուն: