ՏԱՍՍ  լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ,Արցախի նախկին ղեկավարներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակո Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիււնեանը չեն լքեր Ստեփանակերտը եւ  անոնց վերաբերեալ բանակցութիւններ կ՚ընթանան: Այս մասին ՏԱՍՍ-ին յայտներ է աղբիւր մը Արցախի  նախկին ղեկավարներու  մերձաւոր շրջապատէն:

«Երեք նախկին ղեկավարներն ալ կը գտնուին Ստեփանակերտ, հիմա կընթանան բանակցութիւններ ադրբեջանական կողմին հետ», – ըսեր է աղբիւրը։

Ըստ ՏԱՍՍ-ի, այդ բանակցութիւններու վերաբերեալ Բաքուի իշխանութիւններու կողմէն առայժմ որեւէ մեկնաբանութիւն չկա։

Ստեփանակերտ է նաեւ Արցախին  ներկայիս ղեկավար Սամուէլլ Շահրամանեանը։ Ինչպէս յաղորդեր է Արցախի տեղեկատուական շտաբը, նա խումբ մը  պատասխանատուներու հետ կմնա Ստեփանակերտ մինչեւ ռազմական գործողութիւններու եւ գազի պահեստի պայթիւնի յետեւանքով զոհուածներու ու անհետ կորածներու որոնողական աշխատանքներու աւարտը։