Genocide Watch-ը, Լեմկինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգելման ինստիտուտը, «Փրկիլ Արցախը» կոալիցիան, Միջազգային քրեական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենո Օկամպոն, Արեւմտեան Հայաստանը ինչպէս նաեւ հայկական տարբեր կազմակերպութիւններ դեռ 2022 թ․-էն են նախազգուշացուցեր Արցախ տեղի ունեցող ցեղասպանութեան մասին։

Genocide Watch-ն կ՚արձանագրէ՝ Արցախ  բռնի տեղահանութիւնը եւ ցեղասպանութիւնը «տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութեան գագաթնակետն է»։ Յօդուածին մէջ նաեւ կը ներկայացուին 2023 թուականի սեպտեմբեր 19-ին Բաքուի կողմէն Արցախին վրայ լայնածաւալ հարձակման յետեւանքները, քաղաքացիական բնակչութեան շրջանը` զոհերը։

«Բաքուն միտումնաւոր կը գնդակոծէ քաղաքները։ Սա պատերազմական յանցագործութիւն է », – կը գրէ : Genocide Watch-ը՝ նշելով, որ ադրբեջանական հարձակման ժամանակ Սառնաղբիւրե զոհուեր է 5 քաղաքացիական անձ, այդ թուին՝ 3 երեխա, անհետ կորեր է 2 երեխա, վիրաւորուեր՝ 2 երեխա։

Այնույետեւ Genocide Watch-ն կ՚արձանագրէ. «Բռնի տեղահանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է (ՄՔԴ կանօնագիրք, յօդուած 7, (1d))»:

Կազմակերպութիւնը կը նշէ, որ ադրբեջանական քարոզչութիւնն «ապամարդկայնացնում է հայերը», Բաքուն  կը ջնջէ Հայաստանի հնագոյն պատմութիւնը, համակարգուած կերպով կ՚ոչնչացնէ  հայկական քրիստոնեական եկեղեցիները եւ սրբավայրերը։

Չնայած Բաքուի ղեկավարը յայտարարեր է, թէ, իբր, հայերու իրաւունքները Բաքուին մէջ կպահպանուին, սակայն, իրականը, ադրբեջանցի զինւորականները սոցցանցերը կը տարածեն իրենց կողմէն հայերը սպանելու տեսանյիթեր, յետեւաբար, կը նշէ Genocide Watch-ը, հայերը չեն կրնա ապահով ըլլալ Բաքուի տիրապետութեան ներքոյ: 

«Բաքուին ուժերը կը կալանաւորեն տարհանուողները եւ արդեն ձերբակալեր են Արցախի նախկին ղեկավարներէմ Ռուբեն Վարդանեանը», – կը նշուի  է յօդուածը: 

Genocide Watch-ը նաեւ կը շեշտէ,  որ Եվրոպան, ինչպէս եւ 1915 թ․ Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան ժամանակ, չկարողացաւ գործիլ՝ վերջ դնելու հայերու ցեղասպանութեանը։