
Ռուսաստանի կողմէն Արցախին խաղաղութիւնն եւ անվտանգութիւնը չապահովիլը «դավաճանութիւն» է հայ ժողովուրդի նկատմամբ, Euronews-ին ըսեր է Եվրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելը։
«Բոլորի համար ակնյայտ է, որ Ռուսաստանը դավաճաներ է հայ ժողովուրդը»,- ըսեր է Շառլ Միշելը։
ԵԽ նախագահը Արցախ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերը քննադատեր է կողմ մը քաշուելուն համար, երբ Բաքուն սկսեր է իր ռազմական գործողութիւնները: «Ռուսաստանը կը ցանկընար տեղը զինւորներ ունենալ, որոնք երաշխաւորելու էին խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պայմանաւորուածութիւնը: Բայց մենք կը տեսնենք , որ ռազմական գործողութիւնը տկսուաւ առանց այդ տարածքը գտնուող ռուսական խաղաղապահ ուժերու կողմէն նվազագոյն արձագանքի: Միւս կողմէն, Եվրամիութիւնը չուներ տեղը որեւէ ուժ կամ ռազմական ներկայութիւն»,- յաւելեր է նա։
Եվրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելը, արձագանքելով սեպտեմբերը Բաքուի կողմէն Արցախի նկատմամբ զանգուածային հարձակում սկսելու ֆոնին ԵՄ-ի կողմէն Բաքուին ագրեսոր չանուանելու եւ Հայաստանին խնդրանքներն անտեսելու վերաբերեալ քննադատութեանը, նշեր է, որ չի ընդուներ այդ քննադատութիւնը:«Եվրոպական միջնորդութիւնը, որն իրականացուեր է միւսներոկ՝ ԱՄՆ-ի հետ զուգահեռ, մեզ յնարաւորութիւն է տուեր առաջ գնալ, օրինակ՝ բանտարկեալներու փոխանակման հարցով եւ աւելի լավ հասկընալ, թէ ինչպէս բարելաւիլ այս տարածաշրջանին կապը՝ ապագային աւելի լաւ կայունութիւն ապահովելու համար: Մենք նաեւ առաջընթաց ենք գրանցեր տեքստերու մէջ, որոնք նպատակ ունեն ապահովելու Հայաստանի եւ Բաքուի միջեւ ապագա խաղաղութեան համաձայնագիրը: Սակայն դա ըսելով՝ ես նաեւ չափազանց հիասթափուած եմ Բաքուի կողմէն ընդունուած որոշումէն, եւ ես ատ շատ հաստատակամորեն յայտներ եմ նախագահ Ալիեւը»:
«Մենք յաւատարիմ ենք աջակցելու Հայաստանը, որն կ՚ընդունէ մեծ թուով փախստականներու, որոնք լքեր են իրենց հայրենի շրջանը Արցախ: Մենք նաեւ պետք է ներգրավուած ըլլանք քաղաքական եւ դիւանագիտական մակարդակով, որպէսզի համոզուենք, որ կա Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ հարգանքի շատ յստակ վերահաստատում: Մենք չենք հանձնուի»,- հաստատեր է նա։
Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը կը յիշեցնէ, որ ԵՄ-ն, չպաշտպանելով 1920 թուականին Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, կը մրժէ անդամ երկրներու զգալի մասին մը, որոնք 1920 թուականին ճանաչեր են Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ անոր տարածքները եւ որոնք ստորագրեր են Սեւրի Դաշնագիրը՝ Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութենէ ետք: Միջազգային իրաւունքի վրայ շղարշ փչիլը եւ արցախահայութիւնը արոտավայր նետիլը եւ ատկէ ետք Ռուսաստանը դասեր տալու ցանկութիւնը կը մնար կասկածելի։