2022 թուականի փետրվար 22-ին Ռուսաստանի եւ Բաքուի նախագահներ Վլադիմիր Պուտինն ու Իլհամ Ալիեւը Կրեմլ ստորագրեցան ՌԴ եւ Բաքուի  դաշնակցային փոխգործակցութեան մասին հռչակագիրը:

Ինչքանով այդ  հռչակագիրը ազդեց Հայաթափուած Արցախի ճակատագրին վրայ: 

Վերջին ամիսներու զարգացումները ցոյց են տուեր, որ Բաքուի  արտաքին քաղաքականութեան համար Ռուսաստանը ամէնահեղհեղուկն է եւ  ամէնաքիչ հասկըցուածը արտաքին դերակատարներու համար։ Բաքուի քաղաքական վերնախավին տարբեր յատուածներու դերը Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները ձեւաւորելու հարցով եւ՛ չափազանցուեր է, եւ՛ թերագնահատուիլ՝ աւելի անորոշ դարձնելով քաղաքական իրականութիւնը: 

2022-ի փոխգործակցութեան մասին հռչակագիրին մէջ  կա կետ մը, որտեղ կը նշուի, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը եւ Բաքուն  կը միաւորեն իրենց ջանքերը միջազգային ահաբեկչութեան, ծայրահեղականութեան եւ անջատողականութեան, անդրազգային կազմակերպուած յանցաւորութեան, զէնքի, թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան, մարդկանց թրաֆիքինգի, տեղեկատուական եւ յաղորդակցական տեխնոլոգիաներու ոլորտը յանցագործութիւններու, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան այլ նոր մարտայրաւերներու դէմ պայքարելու եւ չեզոքացնելու համար։ Տարի մը անց ՝ Բաքուի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութիւն  կը տարածէ, որով կը տեղեկացնէ  Արցախին տարածքը ըսպէս կոչուած «հակաահաբեկչական միջոցառումներու» մէկնարկին մասին՝ «երկրի տարածքը սահմանադրական կարգը վերականգնելու նպատակաւ»։ Ադրբեջանական կողմը կը պնդէր,  իբր Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները վերջին քանի մը ամիսներուն  «տարբեր տրամաչափի զինատեսակներէն պարբերաբար գնդակոծեր են ադրբեջանական բանակին դիրքերը, շարունակեր են ականապատիլ Բաքուի տարածքները, կատարեր են մարտական ​​դիրքերու ինժեներական բարելաւումներ, ինչպէս նաեւ մեծացուցեր են խրամատներու եւ ապաստարաններու քանակը, ինչը հանգեցուցեր է լարուածութեան աճի»։

Ադրբեջանական կողմը կը յայտնէր, որ իր գործողութիււններու մասին տեղեկացուցեր է ռուսական խաղաղապահ զորախումբի հրամանատարութիւնը եւ Ակնա տեղեկայուած թուրք-ռուսական դիտորդական կէդրօնի ղեկավարութիւնը։ Վերջին իրադարձութիւններէն ետք  կրնանլ  յստակ ըսիլ, որ ըստ Մօսկուա Բաքուի եւ Ռուսաստանի կողմէն ստորագրուած հռչակագիրի ՝  նշուած պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններն այլեւս կ՚անցնին դաշնակցային մակարդակի եւ յետեւողականորեն կը խարխլուին  Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգային համակարգերու կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը յանդիսացող հայ-ռուսական ռազմաւարական դաշնակցային յարաբերութիւնները: