Ինչպէս ընկաւ Շուշին, ինչու տապալուեցաւ Շուշիի պաշտպանութիւնը, ով էր Շուշիին կորուստին պատասխանատուն, ինչպէս ի վերջոյ յայտնի  դարձաւ, որ քաղաքն այլեւս հայկական կողմի վերայսկողութեան տակ չէ: 

Շուշիին անկումը հերթական անգամ եկաւ փաստելու, որ մենք սովորութիւն չունինք ՝ ‎պատմութենէ «‎դասեր» քաղիլ։ 

Շուշիին անկումէն, շուրջ 102 տարի առաջ, տեղի ունեցած դեպքերը կը թուար,թէ մեր համար լաւ դաս է եղեր, որ մենք սերտեր ենք, բայց ոչ։

1918թ. յունւարին վերջը՝ Երզնկայի անկումէն ետք, թուրքական բանակը մէկը միւսի յետեւէն կը գրաւեր նախկինը ռուսական բանակի վերայսկողութեան տակ գտնուող շրջանները եւ կը շարժուին դէպի Կարին։ Հզոր բերդաքաղաքը, որը կը յամարուեր Թուրքահայաստանի բանալին՝, ռուսական 25-հազարանոց բանակը գրաւեր էր 1916թ. փետրվարին սկզիզբը։

1918թ. փետրվարը Կարին կէդրօնացեր էին հայկական քանի մը զինւորական ստորաբաժանումներ, մեծ թուով փախստականներ, Երզնկայէն եւ այլ վայրերէն նահանջած հայկական ուժեր։

Փետրւարին սկզիզբը  Կարին կը գործողուի Անդրանիկը, որուն շուտով կը սկսեն միանալ հիմնականը  Արեւմտեան Հայաստանի հայերէն կազմուած կամաւորական տարբեր ջոկատներ։ Քաղաքի ներքին դրութիւնն անկաիւն էր. նահանջին ընդհանուր տրամադրութիւնը, զորքի բարոյալքումը, կէդրօնական ղեկավարութեան ու հրամանատարութեան բացակայութիւնը քայքայեր էր պաշտպանունակութիւնը։ Բացի այդ, Կարին կար բաւականին լաւ զինուած շուրջ 25 հազար թուրք բնակչութիւն, որն անհամբեր կը սպասէր Վեհիբ փաշային բանակը։

Գրող Վահան Թոթովենցը, որն Անդրանիկի զորամասերու կազմին մէջ մասնակցեր է ռազմական գործողութիւններու, «Զորավար Անդրանիկ եւ իր պատերազմները» գիրքին մէջ կը նկարագրէ Էրզրումը ստեղծուած դրութիւնը.
«Կար այստեղ Մոսկվայի հայկական կոմիտէն իր լիազորով։ Ասիկա կես քաղաքական մարմին էր, որովհետեւ մեկ քանի տարի է ի վերջոյ գործած էր Կարնոյ մեջ եւ վարկ ձեռք բերած։ Կոմիտէն իր ձեռքին տակ ուներ մթերանոցներ եւ զորք։

Կար այստեղ Ազգային խորհուրդը, կար այստեղ Հայաստանի ապահովութեան խորհուրդը, Թորգոմը իր գունդով եւ երկեակ պաշտօնով։ Օդիշելիձեն իր վերջին յեղինակութեամբ։
Մուրադի սպայակազմը, Քղիի գունդը իր մեծով, Երզնկայի գունդն իր մեծով, Բաբերդի գունդն իր մեծով։ Այս բոլորն իրարու հետ վեճի եւ պայքարի մեջ, ամէն մէկը միւսին համար անսիրելի»։

Թոթովենցը կը գրէ, որ Կարին կային «զանազան եւ զարմանազան իշխանութիւններ, գունդեր, աշիրեթներ, միահեծանութիւններ»։ Նա յատկապէս բացասաբար կը խօսէ Տիգրան Աղամալեանի մասին, որը «վարժապետ մըն էր, որ անխղճութիւն ունեցած էր խառնուելու զինւորական գործին մեջ։ Այս մարդն ուներ զանազան պաշտօններ՝ Կարնոյ շրջանի կառավարիչ, Կարնո կոմիսար, Ազգային խորհուրդի Կարնո մասնաճիւղի նախագահ» եւ այլն։ Տիգրան Աղամալեանը, ըստ տարբեր աղբիւրներու, կը զբաղուեր զէնքի եւ այլ ապրանքներու վաճառքով։

Արամ Ամիրխանեանն իր յուշեր կը գրէ, որ «Աղամալեանի համար կը խօսուեր, որ 75 արկղ Մոսին հրացան, 60 000 փամփուշտով ծախած էր թուրքերուն»։

Աղամալեանը ֆինանսական մութ գործերու մեջ կը յամագործակցեր էր գեներալ Օդիշելիձեին հետ, որն այդ օրերը արդեն լքեր էր Կարինը։ Թոթովենցը կը գրէ, որ Օդիշելիձեն հեռանալիս հետը տարեր էր 5 միլիոն ռուբլի։

Աղամալեանն Անդրանիկին դէմ կը սկսի տրամադրիլ Կարին եղած զինւորները՝ ըսելով, որ իրենք չպետք է ենթարկուին Անդրանիկի նման ոչ զինւորականի հրամաններոուն։

Շարունակելի․․․