Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը յայտարարեր է.
Բաքուի գործընկերները պետք է միանշանակ ուղերձյ ղեն երկրի ղեկավարութեանը, որ երբ խօսքը կը վերաբերի վերադարձին իրաւունքը, անոնք չեն ընդունի դատարկ հռետորաբանութիւնը եւ կիսատ-պռատ քայլերը: Բոլոր կողմերու վախը եւ վստահութեան բացակայութիւնը կարեւոր կը դարձնեն կաիւն միջազգային ներկայութիւնը, որպէսզի վերադարձին իրաւունքը ըլլայ իմաստալից, ոչ թէ տեսական:Գրանադայի բանակցութօւններէն Ալիեւի հրաժարումէն ետք ԵՄ-ն, ԱՄՆ-ն եւ միջնորդական բանակցութիւններու մէջ ներգրավուած միւսները պետք է կրկնապատկեն ջանքերը՝ ընդգծելու կոնկրետ քայլերը, որոնք Բաքուն պետք է ձեռնարկէ վերադարձի իրաւունքը հեշտացնելու համար, ըլլա դա կարճաժամկետ այցերու պարագային՝ մնացած իրերը հավաքելու, գերեզմաններ այցելելու եւ այլ նպատականերու համար, կամ անոնց համար, ովքեր կը ցանկընան մշտապէս վերադառնալ, նշեր է Human Rights Watch-ը: Անոնք, ովքեր կը նախընտրեն ընդմիշտ չվերադառնալ, պետք է փոխհատուցում ստանան իրենց ունեցուածքի համար եւ պետք է կարողանան հաւաքիլ իրենցմէ ետքը թողած ցանկացած իր, ինչպէս նաեւ մուտք գործիլ ցանկացած բանկային հաշիւ, օրինակ՝ կենսաթոշակները ստանալու համար: Բաքուն նաեւ պետք է ապահովէ, որ տարհանուածներու ունեցուածքը պաշտպանուած ըլլա թալանէն կամ այլ վնասէն։
Վերադարձողներու համար Բաքուն պետք է ապահովէ հայալեզու կրթութեան հասանելիութիւնը եւ կոնկրետ երաշխիքներ տա՝ պաշտպանելով մարդոց, քաղաքացիական, քաղաքական, կրօնական եւ մշակութային իրաւունքներն առանց խտրականութեան իրականացման։
Ապագա պայմանաւորուածութիւնները պետք է նախատեսեն էթնիկ հավասարակշռութիւն ոստիկանական եւ տեղական կառավարման կառոյցները: Միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան՝ Բաքուն պետք է ձեռնպահ մնա 1990-ականներու եւ 2020թ. պատերազմներու ժամանակ ռազմական գործողութիւնները մասնակցելու համար մարդոց հետապնդելէն։
Վերջին քանի մը շաբաթները սարսափելի ժամանակաշրջան էին Արցախին էթնիկ հայ բնակչութեան համար:Բաքուի գործընկերներն այժմ պետք է ապահովեն, որ Բաքուի իշխանութիւններն այս տրավման եւ կորուստը չվերածեն երկարաժամկետ անարդարութեան։
Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը կը յիշեցնէ, որ արցախահայութեան կարգավիճակը միանշանակ է, արցախահայութիւնը բնիկ է, յետեւաբար անոնց վրայ կը տարածուին բնիկներու իրաւունքները, անոնք ինքնիշխան են իրենց տարածքին վրայ։