Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) գերութեան մէջ յայտնուած Կարեն Ղազարեանի ծնողներու բողոքին հիման վրայ հոկտեմբեր 5-ին Բաքուի  դէմ վճիռ է կայացուցեր:  Արձանագրուեր է Եվրոպական համաձայնագիրով երաշխաւորուած իրաւունքներու խախտում: Մասնաւորապէս՝ Բաքուն խախտեր է Կարեն Ղազարեանի՝ խոշտանգումներու արգելքի (3-րդ յօդուած), Ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան (5-րդ հոդված՝ մի քանի կետերով) իրաւունքները: Բաքուն  պարտաւոր է Կարեն Ղազարեանը վճարեր 10 հազ. եվրո՝ որպէս ոչ նիւթական վնասի փոխհատուցում եւ 3225 եվրո՝ փաստաբանական ծախսերու համար:

Հայաստանի ոստիկանութեան եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակները յայտարարութիւններ են տարածեր, որ Կարեն Ղազարեանը հիվանդութեան պատճառաւ չի ծառայեր Հայաստանի զինուած ուժերը:  Կը նշուէր նաեւ, որ պաշտպանութեան նախարարը՝ որպէս ռազմագերիներու, պատանդներոգ  եւ անհետ կորածներու հարցերով հանձնաժողովի նախագահ, խնդրեր է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) երեւանեան գրասենեակը ջանքեր գործադրիլ Կարեն Ղազարեանի վերադարձին համար։

Արցախի 44-օրեա պատերազմէն ետք Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Բաքուի առաջնորդներու միջեւ ստորագրուեցաւ եռակողմ համաձայնագիր, որով կը նախատեսուէր նաեւ գերիներու փոխանակում: 2020թ. դեկտեմբեր 14-ին Կարեն Ղազարեանն այլ հայ գերիներու հետ տեղափոխուեր է Հայաստան։

Կարեն Ղազարեանի անհետացումէն  քանի մը օր անց, ԿԽՄԿ-ի ներկայացուցիչներն այցելեր են ծնողները: Անոնք յայտարար են, որ Կարենն Բաքու կալանաւորուեր է, եւ առաջարկեր են իրենց միջոցով նամակ փոխանցիլ որդուն: 

2018թ. օգոստոս 16-ին ծնողները կրկին հանդիպեր են ԿԽՄԿ-ի ներկայացուցիչները եւ յայտներ, որ իրենց որդին հոգեկան հիվանդութիւն ունէ, որ վերջին 5 տարիները եղեր է բժշկի յսկողութեան ներքոյ, պարբերաբար դեղեր է ընդուներ: Դիմումատուները նշեր են, որ ԿԽՄԿ-ի ներկայացուցիչները խօստացեր են այդ տեղեկութիւնը փոխանցիլ Բաքու գտնուող իրենց ներկայացուցիչները:

ԿԽՄԿ-ի հետ մեկ այլ հանդիպման ժամանակ ծնողները յնարաւորութիւն է տրուեր տեսակապով զրուցիլ Բաքու ԿԽՄԿ բժշկին հետ: Ըստ դիմումատուներու՝ ԿԽՄԿ բժիշկը խիստ կասկածներ է յայտներ, որ Կարեն Ղազարեանը կը տառապէ որեւէ հոգեկան հիվանդութեամբ՝ նշելով, որ նա լիովին առողջ է եւ որեւէ դեղամիջոցի կարիք չունի։

2019թ. փետրվարի 27-ին Կարեն Ղազարեանը դատապարտուեր է 20 տարուա ազատազրկման՝ Բաքուին տարածքը դիւերսիոն եւ ահաբեկչական հարձակումներ իրականացնելու մեղադրանքով:

Նոյն տարուա մայիս 8-ին ԿԽՄԿ-ի բժիշկն ըսեր է Կարենին ծնողները, որ իրենց որդու հոգեկան վիճակն անհանգստացնող է։ Բժիշկը յայտարարեր է, որ թեեւ Կարեն Ղազարեանը մնացեր է ադրբեջանցի բժիշկներու յսկողութեան տակ, սակայն նրա բուժումը փաստագրուած չէ։ Ըստ այդմ՝ բժիշկը դիմեր է Բաքուի առողջապահութեան նախարարութիւն՝ նոր յետազոտութիւն անցկըցնելու համար։

Արցախի 44-օրեա պատերազմէն ետք Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Բաքուի առաջնորդներու միջեւ ստորագրուեցաւ եռակողմ համաձայնագիր, որով կը նախատեսուեր  նաեւ գերիներու փոխանակում: 2020թ. դեկտեմբեր 14-ին Կարեն Ղազարեանն այլ հայ գերիներու հետ տեղափոխուեր է Հայաստան։

Յաջորդն օրն իսկ Կարեն Ղազարեանը տեղափոխուեր է Աւանի հոգեկան առողջութեան կէդրօն: Անոր  պահուածքը  գոհացուցիչ չի եղեր: Նա ի վիճակի չի եղեր վերայսկիլ իր վարքը կամ համակարգիլ շարժումն ու խօսքը։ 

ՄԻԵԴ-ին Բաքուի կառավարութիւնը յայտներ է, որ Կարեն Ղազարեանը չի ենթարկուեր որեւէ բարոյական կամ ֆիզիկական ճնշման բանտարկեալներու կամ բանտի ղեկավարութեան, աշխատակիցներու կողմէն: 

Կարեն Ղազարեանի ծնողները պնդեր են, որ իրենց որդին գտնուեր է խոցելի վիճակին մէջ՝ առանց արտաքին աշխարհին հետ կապ ունենալու: Նա պահուեր է թշնամական և խտրական միջավայրին մէջ՝  իր ազգային պատկանելութեան համար։

ՄԻԵԴ-ն արձանագրեր է, որ փաստական տուեալներէն չի երեւի, որ Կարեն Ղազարեանը պատշաճ կերպով պաշտպանուած է եղեր կամայական կալանքէն, քանի որ Բաքուի կառավարութիւնը դատարանը չի տրամադրեր որեւէ տեղեկութիւն, որը թոյլ կտար ատ ստուգիլ: Եղածը բավարար է եզրակացնելու, որ Կարեն Ղազարեանի կալանքը չի ապահովուեր համապատասխան իրաւական երաշխիքներով, յետեւաբար տեղի է ունեցեր ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան իրաւունքի խախտում, իսկ մէկուսարանը չյիմնաւորուած երկարատեւ պահիլը հանգեցուցեր է Եվրոպական համաձայնագիրի 3-րդ յօդուածի՝  խոշտանգումներու  արգելքին իրաւունքի խախտման: