Եվրամիութիւնը խստորեն կը դատապարտէ սեպտեմբեր 19-ի ադրբեջանական զինուժի ռազմական գործողութիւնը Արցախի հայ բնակչութեան նկատմամբ: Հումանիտար կէդրօնը տեղի ունեցած ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսաւ ԵՄ ճգնաժամային կառավարման հարցերով հանձնակատար Յանեզ Լենարչիչը։
Անոր խօսքով՝ ԵՄ պատւիրակութիւնը եկեր է ցուցադրելու Եվրամիութեան ամբողջական աջակցութիւնը Հայաստանին, հայ ժողովուրդին, յատկապէա Արցախէն տեղահանուածները:
«Այս դժուար իրադրութեան ժամանակ Արցախէն տեղահանուածները կրնան ստանալ Եվրամիութեան ամբողջական աջակցութիւնը: Արցախի բնակչութեան նկատմամբ Բաքուի վերջին գործողութիւններէն ետք մենք շատ արագ կազմակերպեցինք աւելի քան 5 միլիոն եվրո մարդասիրական օգնութիւն, իսկ քանի մը օր ետք այն կրկնապատկեցինք: Այժմ այդ օգնութիւնը, որը նախատեսուած է Արցախէն տեղահանուածներու համար, կը գնահատուի 10 միլիոն եվրոյէն աւելի»,- ըսաւ Լենարչիչը։
ԵՄ ճգնաժամային կառավարման հարցերով հանձնակատարը նաեւ յայտնեց, որ քանի մը ժամէն Հայաստան կառաքուի մարդասիրական օգնութեան պարագաներ, որու նպատակն է աջակցիլ օգնութեան կարիք ունեցողները:
«Պետք է ընդգծեմ Հայաստանի իշխանութիւններու բոլոր մակարդակներու կողմէն իրադրութեան շատ արագ ու արդիւնաւետ կառավարումը: Պետք է ողջունեմ նաեւ հասարակ մարդկանց աջակցելու պատրաստակամութիւնը»,- ըսաւ ԵՄ պաշտօնեան։