ՄԻԵԴ  հայ ռազմագերիներու շահերու ներկայացուցիչ, իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեանի պնդմամբ՝ Բաքու պահուող հայերը կը գտնուին  կեանքի անմիջական ու իրական սպառնալիքին ներքոյ, յետեւաբար անոնց կողմէն տրուած որեւէ տեղեկութիւն չի կարող արժանայաւատ կամ օգտագործելի ըլլալ ապացուցման նպատակաւ: 

«Արմենպրես»-ի հետ զրոյցը Սահակեանն ընդգծեց՝ շատ կարեւո է, որ տարբեր մեխանիզմներով բարձրաձայնուի արդար դատաքննութեան իրաւունքի խախտման մասին, ու, քանի որ հայ ռազմագերիներու առնչութեամբ նման գործընթացներ արդեն իսկ նախաձեռնուեր են եւ ընթացքին մէջ են, ուստի նման գործընթացներ անհրաժեշտ է նախաձեռնիլ նաեւ ԼՂ ձերբակալուած ռազմաքաղաքական գործիչներու վերջին դրուագներով։ 

«Ձերբակալուեր են մարդիկ, ովքեր խորհրդանշեր են Արցախին պետականութիւնը եւ աչքի են ընկեր հայանպաստ գործունեութեամբ։ Միւս կողմէն անգամ դժվարութուններու պայմանները անոնք ոգեշնչեր են արցախցիները եւ պայքարիլ յանուն ինքնորոշման։ Եւ հոս ակնյայտ է, որ մենք գործ ունենք վրեժխնդրութեան հետ եւ քաղաքական դրդապատճառներով տուեալ անձինք կ՚ենթարկուին հալածանքներու։ Ակնյայտ է, որ հայատյացութեան պայմանները, այս անձանց դերով պայմանաւորուած, բավականին մեծ են մարդու իրաւունքներու խախտման ռիսկերը եւ անոնց ֆիզիկական անվտանգութեանն ու կեանքին սպառնալիք կարող է ներկայացուիլ՝ անկախ անկէ, թէ Բաքուն ինչպիսի հավաստիացումներ կու տար: Բաքուն բազմիցս խախտեր է համաձայնութիւնները, այդ թուին գրաւոր։ Մենք առայսօր ունինք չհայրենադարձուած ռազմագերիներ, ինչը յաւելեալ վկայութիւն է, որ մարդասիրական խնդիրները լուծում չեն ստանար եւ այստեղ ընդամէնը կան քաղաքական պրոցեսներ»,- ըսաւ  իրաւապաշտպանը։

Սահակեանի հավաստմամբ՝ միջազգայնորեն կը գործեն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրներով զբաղուող կառոյցներ՝ ՄԱԿ-ի դատարան, ՄԻԵԴ։  Ըստ իրաւապաշտպանի՝ ամէնագործուն ճնշման եղանակը թերեւս պատժամիջոցներն են։ Նա դրական կը գնահատէ, որ գոնէ հիմա, այսքան յանցագործութիւններէն ետք կը յասունանար  այն թեզը, որ Բաքուի գործողութիւններու նկատմամբ թիրախաւորուած պատժամիջոցներ պետք է կիրառուեն :