Հոկտեմբեր 6-ին Ղրղզստանի մայրաքաղաք Բիշքեկմ՝ մասնակցութեամբ 26 պետութեան մարզիկներու մեկնարկեց 2023թ. Սամբոյի պատանիներու եւ  երիտասարդներու աշխարհին առաջնութիւնը։ Հայ մարզիկներէն մրցապայքարին մէջ մտան հինգը։ Պատանիներու 53 կգ քաշային Ալիկ Մեքինեանը ցաւոք պարտուեց առաջին գոտեմարտը եւ դուրս մնաց յետագա պայքարէն: Պարտութիւններ կրեցան նաեգ երիտասարդներու 58 եւ 79 քաշային կարգերը, համապատասխանաբար՝ Մարտին Մանուկեանը եւ Մհէր Խաչատրեանը։

Յաջող ելոյթներ ունեցաւ պատանիներու 98 կգ քաշային Արսեն Յայրապետեանը, ով վիճակահանութեան արդիւնքը բաց թողեց առաջին գոտեմարտը, ապա յաղթելով նիդերլանադացի եւ ղազախ մրցակիցները հասաւ եզրափակիչ։ Լարուած գոտեմարտը Արսէնը 3։1 պարտուեցաւ  FIAS-1 թիմը ներկայացնող ռուսաստանցի Վալերի գերասիմենկոյին եւ  բաւարաուեցաւ  արծաթէ մեդալով:

Գերազանց հանդես եկաւ եւ ոսկէ մեդալ նուաճեց պատանիներու 71 կգ քաշային Մհէր Օհանեանը։ 8։0 յաշուով յաղթանակ  ֆրանսիացիին, 4։1՝ ռուսին, 8։0 ղազախին եւ եզրափակոչը 3։1՝ ադրբեջանցու նկատմամբ։
Այսօր պայքարին մէջ կմտնեն մեր մարզիկներէն եւս վեցը։