«Ժողովուրդ» օրաթերթը կը գրէ. Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշումը եւ արցախահայութեան ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքի ճանաչումը մշտապէս եղեր են Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ ատոր շուրջ բանակցութիւններու անկիւնաքարը:

Իսկ ի՞նչ է Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը. այն ժամանակակից միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքն է:

Համաձայն ՄԱԿ-ի կանօնադրութեան եւ Մարդու իրաւունքներու համաձայնագիրի՝ ինքնորոշման իրաւունքը կը յռչակուի  որպէս միակողմանի գործողութեան յնարաւորութիւն՝ ուղղորդուած ժողովուրդի ազատութեանը եւ վարչական տարածքին որոշակի քաղաքական կարգավիճակին, առանց որեւէ ենթատեքստի եւ սահմանափակման։

Արցախն իր ազատ ինքնորոշման իրաւունքն իրացուցեր է 1991 թուականի անկախութեան հանրաքուէով:Արցախին ժողովուրդի ինքնորոշումը եւ ասոր շուրջ միջազգային կոնսենսուսի ձեւաւորումը բանակցային ողջ 30 տարիներու ընթացքը եղեր է հայկական կողմին առաջնահերթութիւնը:
Բանակցային գործընթացը, թերեւս, գլխիվայր շրջուեց  2020թ-ի 44 ֊ օրեա պատերազմէն ետք, երբ հայկական կողմի բանակցային դիրքերն ամբողջութեամբ խարխլուեցան:


ՀՀ իշխանութիւնները, անդառնալի սխալ թոյլ տալով, կանաչ լոյս վառեցան  Բաքուի ագրեսիայի եւ ռազմական գործողութիւններու համար, ինչին արդիւնքը ունինք այսօրուա ցաւալի իրավիճակը, երբ Արցախն ամբողջութեամբ հայաթափուած է, իսկ հունւար մէկէն  արդեն, առհասարակ, կլուծարուի:

«Ժողովուրդ օրաթերթ»-ը Արցախի ԱԺ երեսփոխան Մետաքսէ Յակոբեանէն հետաքրքրուեր է, արդեո՞ք հավանական  նոյնիսկ այս պայմաններուն ինքնորոշման իրաւունքի հարցը օրակարգ բերիլը, եւ ի՞նչ քայլեր կընեն Արցախէն բռնի տեղահանուած պաշտօնեաները եւ երեսփոխանները այս ուղղութեամբ, արդեո՞ք կը պատրաստուին  ԱԺ նիստ յրաւիրիլ այդ օրակարգով եւ  հարց բարձըրցնիլ.

«Նոյնիսկ այս իրավիճակը որեւէ մեկը չի կարող փաստիլ, թե Արցախին հարցը փակուած է, Արցախ գոյութիւն ունենալ չի կարող, արցախցիները սփռուեցան  աշխարհով մէկ, ամէն բան աւարտուեց: Հիմա, սակայն, այնպիսի փուլին մը մէջ  ենք, երբ դեռ կինքնակազմակերպուինք , պետք է կարողանանք իրավիճակը սթափ եւ սառը գնահատիլ, որպէսզի իւրաքանչիւր քայլ յաշուարկուած եւ իրականութենէ  բխող ըլլայ։ Այս փուլը  որեւէ բան չեմ բացառի, սակայն, ժամանակ է պետք այդ ամէնը կազմակերպելու եւ յաշուարկուած քայլեր ընելու համար»,-ըսաւ  Արցախի հանրապետութեան երեսփոխանը»:

Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը  2023 թուականի սեպտեմբեր 25 -ի յայտարարութեամբ արդեն ըսեր է՝ չի ընդուներ եւ  չի ճանաչընար  որեւէ մէկի կողմէն  բանաւոր հնչեցուցած  կամ ստորագրուած որեւէ յայտարարութիւն, որը կը յակասէ  Հայաստան պետութեան Գաւառ յանդիսացող Արցախի՝ որուն Արեւմտեան Հայաստանի հանրապետութիւնը իր իսկ հրամանագիրով ճանաչեր է իբրեւ իր նահանգ, շահերը: Արցախը կա, գոյութիւն ունէ, քանի-որ կա անոր բնիկ ժողովուրդն իր հազարամեա մշակոյթով եւ գիր ու գրականութեամբ: Սա ժամանակաւոր դադար է հայ ժողովուրդի վերջնական եւ միասնական պետականութեան կայացման գործընթացը: Յաղթանակը մօտ է: