ՄԱԿ-ի առաքելութիւնն իր երկու այցերու արդիւնքներով այդպէս ալ  չի տեսեր Ստեփանակերտի քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու ոչնչացումն Բաքուի կողմէն հրետակոծութեան պատճառաւ։Ըստ ադրբեջանական լրատուամիջոցներու՝  «ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու համակարգման առաքելութիւնն աւարտեց մեկշաբաթեա առաքելութիւնն Բաքու եւ Հայաստան՝ բացահայտելու Արցախի տարածաշրջանի մարդոց, ինչպէս նաեւ Հայաստան փախստականներու հրատապ կարիքները»: Առաքելութիւնը կը ղեկավարէր  համակարգման տնօրէն Ռամեշ Ռաջասինգհեմը՝ ՄԱԿ-ի մշտական ​​համակարգող Վլադանկա Անդրեւեայի եւ  Արցախ ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ։ «Քաղաքացիական ենթակառուցուածքները եւ տուները, ինչպիսիք են դպրոցները, գլխաւոր հիվանդանոցը եւ բնակելի շէնքերը, մնացեր են անձեռնմխելի: Առաքելութիւնն այս ուղեւորութեան ընթացքը չի այցելեր գիւղեր, սակայն ատ  կ՚ընէ  առաջիկա օրերը  եւ շաբաթներուն»,- կ՚ասուի յաղորդագրութեան մէջ:Արեւմտեան Հայաստանը կը յիշեցնէ, որ Սեպտեմբեր 19-20-ն Բաքուի հերթական ագրեսիան իրականացոյց Արցախին դէմ։ Մայրաքաղաք Ստեփանակերտը ենթարկուեր է զանգուածային հրետանային գնդակոծութեան։ Քաղաքի բնակչութիւնն աւելի քան 24 ժամ անցկացուցեր է ապաստարանները եւ նկուղները: