Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ  Հայաստան ապաստանած փախստական երեխաներու քով կը նկատուին սուր հոգեբանական ընկճախտին նշաններ: Այս մասին կը փաստեն ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ի հետ աշխըտող սոցիալական աշխատողները, որոնք յատուկ  աջակցութիւն կը ցուցաբերեն վերջին շաբաթներու ընթացքը իրենց տուները լքած երեխաներուն եւ անոնցմ ընտանիքներուն: 

Գորիս ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ի երկու ապահով անկիւնները աշխատող սոցիալական աշխատողները, որոնք օրական կը սպասարկեն մինչեւ 300 երեխայի, յայտներ են, որ անոնք  անհանգստութեան, վախի եւ զայրոյթի  զգացումներ ունին, որոնք կը դրեւորուին  մղձավանջներով, գիշերամիզութեամբ եւ անսփոփելի լացով: Որոշ երեխաներ մեկուսացեր են բոլորէն, դարձեր են անյաղորդ, անկարող են արտայայտիլ զգացմունքները կամ ըմբռնիլ պատահածը։

«Աւելի քան 30,000 հայ երեխա է  Հայաստան ապաստաներ երկու շաբաթ առաջ իրենց համայնքները սկսած ռազմական գործողութիւներէն ի վեր: Ի լրումն տեղահանութեան, այս երեխաները շարունակաբար բաց են թողեր դասերը եւ ապրեր են վտանգաւոր, ոչ ապահով միջավայրը, եւ ինչպէս կը պատմեն ընտանիքները, նոր հարձակումներու վախին պարբերական զգացումով: «Մենք հիմա կը տեսնենք, թէ որքան շատ են տուժեր այս երեխաները: Տեղահանումները եւ ռազմական գործողութիւնները, որոնք զուգորդուեր են զրկանքներով, մեծապէս ազդեր են անոնց ֆիզիկական եւ հոգեկան առողջութեան, ինչպէս նաեւ հոգեբանական բարեկեցութեան վրայ: Երեխաները տարիներ շարունակ պիտի կրեն այս անասելի տխրեցնող իրադարձութիւններու յետեւանքները, եթէ շարունակական աջակցութիւն չստանան», – նշեր է Հայաստան ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Քրիսթինէ Վայգանդը:

ՈՒՆԻՍԵՖ-ը 12,6 միլիոն ԱՄՆ դոլարի հավաքագրման կոչ կ՚ընէ յետագա վեց ամիսներու ընթացքը կարեւոր ծառայութիւններու, այդ թուին՝  կրթական, երեխաներու պաշտպանութեան, առողջապահական, սնուցման, ինչպէս նաեւ սանիտարահիգիենիկ պայմաններու ապահովման համար: