Մոսկվայի ռուս-թուրքական պայմանագիր 1920-1921թթ

Մոսկվայի ռուս-թուրքական առաջին խորհրդաժողովը տեղի է ունեցեր 1920 թուականի յուլիս–օգոստոսը՝ քեմալական Թուրքիոյ եւ Խորհրդային Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորող պայմանագիր կնքելու նպատակաւ։ Ռազմական հանձնաժողովը թուրք փոխգնդապետ Սեյֆին կառաջարկէ կարճ ժամանակամիջոցը Թուրքական իշխանութեանը տրամադրիլ զէնք ու զինամթերք, նաւթ եւ այլն։ Չնայած ոչ բոլոր պահանջներն կընդունուին, սակայն համաձայնութիւն կը կայացուի Թուրքական իշխանութեանը ֆինանսական օգնութիւն ցուցաբերելու, անհրաժեշտ չափով զէնք ու զինամթերք մատակարարելու շուրջ։ Խորհրդաժողովը խիստ տարաձայնութիւն կառաջացնէ տարածքային սահմանազատումներու հարցը։Խորհրդաժողովն  կաւարտուի  օգոստոս 24-ին կողմերու փոխյարաբերութիւններու վերաբերեալ հիմնական սկզբունքները որոշող պայմանագիրի նախագիծին մշակումով։ 

Ատոր մէջ կային կետեր կողմերուն ուժի թելադրանքով պարտադրուած պայմանագիրները չճանաչելու,ցարական Ռուսաստանի եւ Թուրքական իշխանութեան միջեւ նախկինը ստորագրուած պայմանագիրները չեղեալ յայտարարելու, նեղուցներու իրավիճակին լուծումը սեւծովեան տերութւններու խորհրդաժողովին հանձնելու, տնտեսական, ֆինանսական եւ հիւպատօսական համաձայնութիւններ կնքելու մասին եւ այլն։Հայաստանի համար առանձնակի կարեւորութիւն կը ստանային  3-րդ եւ 4-րդ յօդուածները, որոնցմէ առաջինին մէջ ըսուած էր, որ կողմերը կը պարտաւորուին փոխադարձ համաձայնութեամբ, ամէնակարճ ժամկետին ձեռնարկիլ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները մարդոց եւ ապրանքներու փոխադրման նպատակաւ Ռուսաստանի եւ Քեմալական Թուրքիոյ միջեւ յաղորդակցութեան ճանապարհներ բացելու համար։ Պարզ կը դառնար, որ այդ ճանապարհը պետք է բացուեր Հայաստանի վրայով։ 4-րդ յօդուածին մէջ ըսուած էր. որ Ռուսաստանը  համաձայն է ստանձնիլ միջնորդութիւնը Քեմալական Թուրքիոյ եւ սահմանակից այն երրորդ պետութիւններու միջեւ, որոնք իրենց իշխանութեան տակ կը պահեն թուրքական «Ազգային ուխտի» մէջ մտցուած որեւէ տարածք։ Ճանչընալով «Ազգային ուխտը»՝ խորհրդային կառավարութիւնը ատորով իսկ կընդունէր Թուրքիոյ իրաւունքը Բաթումի,Կարսի,Արդահանին վրայ։ Եւ քանի որ այդ տարածքները կը գտնուէին Հայաստանին եւ Վրաստանին կազմը, ուստի կորոշուի Քեմալական Թուրքիոյ հիւսիսարլեւելեան սահմանին ճշտման հարցը հետաձգիլ, որու պատճառաւ ալ կը յետաձգուէր նախապատրաստուած պայմանագիրի վերջնական ստորագրումը։ Պայմանագիրի այս նախագիծը յետագային կը դրուի 1921 թուականի Մոսկվայի պայմանագիրին հիմքը։