Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Լաւրովը եւ Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հոսէյն Ամիր Աբդոլահիանը հեռախօսազրոյց են անցկըցուցեր, որու ժամանակ, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկեր են նաեւ իրավիճակը Յարաւային Կովկաս։ Այս մասին հաղորդագրութիւն է տարածեր Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը։

Կը նշուի, որ Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործերու նախարարները կողմ են արտայայտուեր տարածաշրջանային խորհրդատուական 3+3 ձեւաչափին շրջանակները համատեղ աշխատանքին օպերատիւ վերսկսմանը։

Կողմերը քննարկեր են նաեւ մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանը արդիական օրակարգի հարցեր՝ պաղեստինաիսրայէլական յակամարտութեան վերջին սրացման համատեքստին մէջ։ Անոնք ընդգծեր են զինուած դիմակաիւթիւնը շուտափոյթ դադարեցնելու կարեւորութիւնը եւ իրավիճակին կարգաւորումը՝ միջազգային-իրաւական յայտնի հիմքին վրայ։