2023 թուականի սեպտեմբեր 19-20 ռազմական ներխուժման յետեւանքով Բաքուն բռնազաւթեց Արցախին ամբողջ տարածքը: Ադրբեջանական վերայսկողութեան տակ յայտնուեցան  նաեւ միջնադարեան Արցախին նշանաւոր գիտակրթական, հոգեւոր կէդրօնները՝ Գանձասարի եւ Ամարասի վանական յամալիրները, որոնք դարեր ի վեր ունեցեր են համահայկական նշանակութիւն: 

Պաշտօնական Բաքուն անմիջապէս թիրախաւորեց Գանձասարի եւ Ամարասի վանական յամալիրները՝ յայտարարելով, որ ադրբեջանական կողմը «ազատագրեր է» աղուանական նշանաւոր սրբատեղի-ուխտատեղիները:

 2023 թվուականի հոկտեմբեր 6-ին Բաքու թիվի յեռուստալիքով ներկայացուեց ծաւալուն տեսայաղորդում մը, որու թիրախը Գանձասարի, Ամարասի եւ Դադիւանքի վանական յամալիրներն էին: 

Սակայն սա տեսանիւթին մէջ  ակնյայտ տարակուսանք կառաջացնէ  պաշտօնական Ռուս ուղղափառ եկեղեցու Բաքուի թեմական քարտուղար, վարդապետ Ալեքսիյ Նիկոնորովի յայտարարութիւնները: Վերջինս, խօսելով Գանձասարի եւ Ամարասի վանական համալիրներու մասին, կը նշէ, որ ատոնք Կովկասեան Աղուանքի ճարտարապետութեան լաւագոյն օրինակներն են եւ մշտապէս եղեր են Կովկասեան Աղվանքի հոգևոր և մշակութային կենտրոններ: Ոչ մի խօսք վանքերու իրական պատկանելութեան մասին: Ռուս հոգեւորականը, ակնյայտ խեղաթիւրելով եւ փոփոխելով պատմական իրողութիւնները, յանդէս կու գար  նաեւ մէկ այլ ծայրահեղ անհանդուրժողական յայտարութեամբ՝ ըստ որու «անոնք, ովքեր իրենց տեր ու տիրական այդտեղ կը զգային, այդպէս ալ չկարողացան 30 տարիներու ընթացքին լցնիլ այդ վանքերը հոգեւոր եւ կրօնական կեանքով, այլ կարողացան միայն արտադրիլ 3 աստղանի Գանձասար բարկօղին»: Նման ակնյայտ անհանդուրժողական, ծայրահեղական յայտարարութիւնը բազմաթիւ հարցադրումներու տեղիք կու տան՝ ուղղուած հէնց ռուս ուղղափառ եկեղեցին: Րիզւան Յուսեյնովը եւ Ուլվիա Յաջիեւան յանդէս եկան աւելի վտանգաւոր թեզերով, համաձայն որու՝ Գանձասարի եւ Ամարասի վանական համալիրներու արտաքին տեսքը, հարդարանքը զգալի կերպով փոխակերպուած են հայերու կողմէն վերջին 200 տարիներու ընթացքը, երբ այդ վանքերը անցան Հայ Առաքելական եկեղեցիին, որու նպատակը վանքերու աղուանական ըլլալը թաքցնիլն էր: Նման յայտարարութիւնները ակնյայտ վտանգ կը ներկայացնեն վանական համալիրներու գոյութեանը, քանի որ ապահայկականացման քարոզի ներքոյ այս վանքերու իրական ճարտարապետութիւնը կարող է աղաւաղուեր, հարիւրաւոր հայերէն արձանագրութիւններ, խաչերը, խաչային յօրինուածքները ջնջուիլ: