Մոսկուայի քեմալաբոլշեւիկեան պայմանագիրը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէ անւաւեր է։
Նախ, Մոսկուայի քեմալա-բոլշեւիկեան պայմանագիրը անօրինական է եւ անւաւեր ատոր կողմ հանդիսացող Ռուսաստանին սովետական ֆեդերատիւ ընկերվարական հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովի կարգավիճակներու պատճառաւ։ Պայմանագիրներու օրինականութեան համար կարեւոր է պատւիրակութիւններու լիազորութիւններու օրինականութիւնը։ Ցանկացած միջազգային պայմանագիրի օրինականութեան համար միջազգային իրաւունքն ունէ յստակ պահանջներ։ Ինչպէս օրինակ՝ որեւէ պայմանագիր կարող է համարուիլ օրինական, եթէ այն ստորագրեր է ճանաչուած պետութեան օրինական իշխանութեան լիազոր ներկայացուցիչները։ Պայմանագիրի ստորագրման պահին պատվիրակութենէ եւ ոչ մէկը լիազորուած չէր յանդէս գալու իր երկրի անունէն. ռուսական (բոլշեւիկեան) եւ թուրքական (քեմալական) պատվիրակութիւնները դեռեւս չէին ներկայացնի իրենց երկրներու իշխանութիւնները։
Մոսկվայի պայմանաիգրի՝ Հայաստանին վերաբերող մասը միջազգային իրաւունքի խախտում է, քանի որ «պայմանագրերը կարող են վերաբերիլ միայն պայմանագիրը ստորագրող կողմերուն եւ որեւէ պարտաւորութիւն կամ իրաւունք չեն ստեղծեր պայմանագիրին մաս չկազմող երրորդ կողմին համար՝ առանց վերջինիս համաձայնութեան»: Այս հիմնադրոյթն ամրագրուած է Պայմանագրային իրաւունքի մասին Վիեննայի համաձայնագիրի 34-րդ յօդուածը: Յետեւաբար Մոսկվայի պայմանագիրը չէր կարող որեւէ պարտաւորութիւն պարունակիլ Հայաստանի համար, առաւել եւս՝ որոշիլ հայ-թուրքական սահմանը (պայմանագիրը՝ յօդուած 1) կամ Նախիջեւանը որպէս պրոտեկտորատ հանձնիլ Բաքուն (պայմանագիրը՝ յօդուած 3), քանի որ Մոսկվարի պայմանագիրը կնքուեր է միջազգային իրաւունքի դարեր ի վեր գործող պարտադիր եւ անբեկանելի քանի մը հիմնադրւյթներու խախտումով։
Իսկ ինչպէս ամրագրուած է Պայմանագիրներու իրաւունքի մասին Վիեննայի համաձայնագիրի 53-րդ յօդուածը. «Պայմանագիրն անուաւեր է, եթէ կնքուելու ատեն հակասեր է միջազգային հանրային իրաւունքի անբեկանելի հիմնադրոյթին»: