Արցախէն հայերու արտագաղթի մասշտաբները եւ հասցուած վնասի չափը հսկայական են։ Բայց մենք հոս ենք, որպէսզի կանխենք աւելի մեծ կորուստներ։ Այս մասին այսօր՝ Հոկտեմբեր 12-ին, յայտարարեր է Արդարադատութեան միջազգային դատարանը Բաքուին դէմ Հայաստանի բողոքի քննութեան ժամանակ Հայաստանը ներկայացնող պրոֆեսոր Էլիս Մակդոնալդը։
Անոր խօսքով, իրավիճակը ողբերգական է. մարդիկ ընդամէնը քանի մը օրուան մէջ լքեր են իրենց պատմական հայրենիքը։
«Մտածէք, թէ ինչի միջով են անոնք անցեր։ Անոնք կորուսեր լ են ամէն ինչ՝ տունը, պատմութիւնը, իրենց նախնիներու հայրենիքը։ Ակնթարթային ագրեսիան եկաւ ամիսներ տեւած պաշարումէն ետք: Հայաստանը անոնց գրկաբաց ընդունեց, եւ միջազգային հանրութիւնը կօգնէ։ Բաքուն այժմ անընդհատ կոտնահարէ անոնց իրաւունքները, կը կլանէ Արցախը բոլոր իմաստներով, կոչնչացնէ տարածաշրջանի հայկական էութիւնը՝ հայերու վերադարձի յնարաւորութիւնը բացառելու համար։
Արցախին 8 բարձրաստիճան պաշտօնեաներ շինծու մեղադրանքով ձերբակալուեր են: Ալիեւը հայ բնակչութեան ընտրված ներկայացուցիչներուն կը ներկայացնէ որպէս «խունտա», անոնց թոյլ չեն տար հանդիպիլ միջազգային կազմակերպութիւններու, այդ թուին՝ ԿԽՄԿ-ի ներկայացուցիչներու հետ։Ատելութիւնը կը տարածուի լեզուին վրայ: Այս մասին խօսեր է Ալիեւը՝ ըսելով, որ այսուհետ հոս հայկական երգեր չեն հնչեր։ Հայերէնով ցուցանակներն ակտիւորեն կոչնչացուին:
Այսպիսով, Բաքուն, որու նախագահը կը հպաևտանար է շուներու պէս հայերուն վտարելով, արդարադատութեան միջազգային դատարանը կը խնդրէ յավտալ հայերուն պաշտպանելու պատրաստակամութեան մասին իր յայտարարութիւններուն։
Նա անոնց 9 ամիս սովի է մատներ իսկ հիմա պատրաստ է պաշտպանիլ զանոնց։
Եթէ իրադարձութիւնները շարունակուին նոյն ոգով, ձեր որոշումն անիմաստ կըլլայ, քանի որ մինչ այդ Արցախի հայաթափումը փաստ կդառնա»,- նշեր է նա։