Մոսկվան պատրաստ է կազմակերպիլ Երեւանի եւ Բաքուի ներկայացուցիչներու հանդիպումը՝ քննարկելու խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման հարցը։ Այս մասին յայտարարեց Ռուսաստանին նախագահ Վլադիմիր Պուտինը Բիշքեկ ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու գագաթնաժողովի ժամանակ։ Նա նշեր է, որ Ռուսաստանը կօգնէ ապահովիլ, որ այդ բանակցութիւններն աւարտուին խաղաղութեան համաձայնագիրով, որը կստորագրեն երկու երկրներու ղեկավարները։ Պուտինն ընդգծեր է, որ, անշուշտ, ընտրութիւնը միշտ համապատասխան երկրինն է, Ռուսաստանը միայն պատրաստ է ատոր համար համապատասխան պայմաններ ստեղծիլ։ Նա յիշեցուցեր է, որ Ռուսաստանի  աջակցութեամբ պատրաստուեր են համապատասխան եռակողմ փաստաթուղթեր։ «Այս ամբողջ ընթացքը եռակողմ ձեւաչափով՝ Ռուսաստան, Հայաստան եւ Բաքուն, քրտնաջան աշխատանք է տարուեր՝ ուղղուած երկու մայրաքաղաքներու միջեւ հարաբերութիւններու կարգաւորմանը»,– նշեր Է Պուտինը:

Նա յիշեցուցեր է, որ ռուս խաղաղապահները բարեխղճորեն կատարեր են իրենց առաքելութիւնը Արցախ այն լիազորութիւններու շրջանակը, որոնք ունեին։ 

Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը, սակայն, կը յիշեցնէ, որ ռուս խաղաղապահներու առաքելութիւնը չի խանգարեր Բաքուի իշխանութիւններում իրենց պապենական տարածքէն Արցախին բնիկ հայ բնակչութեան էթնիկ զտում (ցեղասպանութիւն) իրականացնելու համար։ 2023 թուականի Սեպտեմբերուն սա կմնա պատմութեան տարեգրութեան մէջ: