ԵԽ Խորհրդարանական վեհաժողովն ընդունեց «Հումանիտար իրավիճակը Արցախ» բանաձեւը եւ համանուն խորհրդատվութիւնը։ Այս մասին յայտներ է Արեւելեան Հայաստանի ԱԺ պատվիրակութեան ղեկավար Ռուբեն Ռուբինեանը: Բանաձեւը կը դատապարտէ 2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-ին Արցախին դէմ Բաքուի ռազմական գործողութիւնները։ Վեհաժողովը կարձանգրէ, որ Արցախին գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը լքեր է իր հայրենիքը ֆիզիկական ոչնչացման վտանգի եւ Բաքուի կառավարութեան երկարամեա հայատեաց քաղաքականութեան պատճառաւ: Վեհաժողովը կարձանագրէ, որ առկա են էթնիկ զտումներու իրականացման հիմնաւոր կասկածներ։ Վեհաժողովը կը նշէ, որ էթնիկ զտումներու իրականացումը՝ որպէս ռազմական կամ մարդկութեան դէմ հանցագործութիւն, կարող է հանգեցնիլ անհատական քրեական պատասխանատւութիւնը: 

Որպէս Եվրոպայի խորհուրդին անդամ երկիր՝ Վեհաժողովն կ՚ակնկալէ, որ եւ՛ Հայաստանը, ե՛ւ Բաքուն  կհարգեն զիրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը՝ հիմք ընդունելով 1991թ. Ալմաթիի հռչակագիրը:

Այս համատեքստին մէջ Վեհաժողովն կ՚ընդգծէ, որ Նախիջեւանի հետ յնարաւոր կապը չի կարող գործարկուիլ Հայաստանի կամքին յակառակ եւ ի վնաս Հայաստանի ազգային շահի:

Վեհաժողովը կը պահանջէ, որ գլխաւոր քարտուղարը  եւ  Նախարարներու կոմիտէն յնարաւորինս արագ կազմակերպեն Եվրոպայի խորհուրդի փաստայաւաք առաքելութեան այցը, որը նպատակ կունենա տեղը գնահատիլ եւ նախանշիլ ձեռնարկվելիք միջոցները՝ տեղի հայերու իրաւունքները պաշտպանելու համար՝ ներառեալ անոնց, ովքեր ապաստան են գտեր երկրէն դուրս, եւ ապահովելու բոլոր անոնց անվտանգ վերադարձը, ովքեր վերադառնալու ցանկութիւն կունենան: Վեհաժողովը կը նշէ, որ աչալրջորեն յետեւելու է Բաքուին իշխանութիւններու կողմէն ձեռնարկուող միջոցառումներուն եւ վերջինիս կողմէն ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու կատարմանը։