ԱՄՆ պետքարտուղարութիւնը պատասխաներ է «Ամերիկայի ձայնի» հայկական ծառայութեան հարցմանը՝ կապուած Politico յանդէսը լոյս տեսած` «Բլինքենը զգուշացուցեր է օրենսդիրներում, որ Բաքուն կարող է ներխուժիլ Հայաստան առաջիկա շաբաթներուն» վերնագիրով հրապարակման հետ:

Ի պատասխան՝ պետքարտուղարութիւնը ընդգծեր է, որ «Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ համագործակցիլ Բաքուի եւ Երեւանի առաջնորդներու հետ ամէնաբարձր մակարդակները՝ ձգտելով արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութեանը, որտեղ կը յարգուին բոլորին իրաւունքները: Ուժի կիրառումն անընդունելի է, եւ ուղիղ երկխօսութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունէ այս երկարատեւ հակամարտութեան կարգաւորման համար», նշուած է պետքարտուղարութեան պատասխանին մէջ: 

Ամերիկային արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը նաեւ նշեր է, որ «ԱՄՆ կ՚աջակցէ Հայաստանի կառավարութեան ջանքերուն՝ մարդասիրական կազմակերպութիւններոպ հետ սերտ համագործակցութեանբ օգնելու տեղահանուածներուն ապաստան եւ հարմարավետութիւն գտնիլմ Հայաստան։ Մենք մեր կարեկցանքն կը յայտնենք տեղահանուած անձանց՝ գիտակցելով, թէ ինչ  միջով են անոնք կ՚անցնին, եւ ինչ անորոշութեան  հետ կը բախուին»: