Բազմաթիւ գործոններ նպաստեցին Բաքուի վերջնական յաղթանակին Հայաստանին հետ Արցախին շուրջ երկարատեւ հակամարտութեաքն մէջ: Որոշ գործոններ արմատաւորուած են Յարաւային Կովկասի բարդ պատմութեան մէջ։ Միւսները կը վերաբերեն Հայաստանի եւ Բաքուի միջեւ չափերու, բնակչութեան եւ ռեսուրսներու անհամամասնութեանը: Ի տարբերութիւն Հայաստանի, որը քիչ բնական ռեսուրսներ ունէ, Բաքուն էներգետիկ ռեսուրսներով հարուստ երկիր է եւ, յետեւաբար, ի վիճակի է մեծ գումարներ ծախսիլ զենքին վրայ, կասուի  Ամերիկեան Quincy Institute for Responsible Management ամսագիրի   Responsible Statecraft-ին յօդուածը:

Ի դժբախտութիւն Հայաստանի, Բաքուն  նոյնպէս աւելի կարեւոր է դարձեր Արեւմուտքի համար Ուկրաինիոյ  պատերազմին լոյսի ներքոյ: Սա կը նշանակեր, որ ոչ Եվրոպան, ոչ ԱՄՆ-ը պատրաստ չէին լուրջ ռիսկի դիմիլ Բաքուին զսպելու համար: Վերջապէս, Հայաստանի վերջնական պարտութեանը նպաստեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնները եւ Հայաստանի խոցելի աշխարհաքաղաքական դիրքը: Այդ գործոններէն էին Եվրասիոյ վերայսկողութեան համար ռուս-արեւմտեան աւելի լայն մրցակցութիւնը եւ Իրանին զսպելու եւ մեկուսացնելու Վաշինգտոնի 30-ամյա ջանքերը, որոնք մերժեցին Թեհրանին որեւէ դերակատարութիւն Յարաւային Կովկաս սառը պատերազմէն ետք ձեւաւորուող տնտեսական եւ անվտանգութեան կառոյցներուն մէջ, եւ որ ամէնակարեւորն է՝ Բաքուիէն, Կասպից ծովէն եւ Կէդրօնական Ասիայէն նաւթն ու գազը դեպի արեւմտեան շուկաներ տեղափոխելու խողովակաշարերու կառուցման մէջ։ Այս նպատակին հասնելու համար Միացեալ Նահանգները եւ Եվրոպան փաստացիորեն Թուրքիոն տուեր են առաջատար դեր Կովկաս եւ Կէդրօնական Ասիա՝ եւ՛ որպէս Կէդօնական Ասիոյ պետութիւններու օրինակելի մոդել, եւ՛ որպէսս Արեւմուտքի հիմնական տարածաշրջանային գործընկեր: Թերեւս Հայաստանը պետք է այն ժամանակ տեսներ ազդանշանը եւ աւելի մոտենար Արեւմուտքին` ձգտելով համաձայնութեան գալ Թուրքիոյ ետ: Բայց յաշուի առնելով Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ հետ հայերու պատմութիւնը, դա հեշտ չէր ընիլ, եւ Երեւանը փոխարենը որոշեց աւելի սերտ համագործակցիլ Ռուսաստանին հետ: Այսպիսով, կովկասեան վերջին հակամարտութիւնը դեռ չի աւարտուեր, եւ կը սպասուին  աւելի մեծ բախումներ, յատկապէս, եթէ Բաքուն շարունակէ իր ​դժգոհութիւնն Իրանի դէմ՝ Թուրքիոյ եւ Իսրայելի աջակցութեամբ։ Վերջին քանի մը օրերու ընթացքին  տեղեկութիւններ յայտնուեցին, որ Բաքուն եւ Թեհրանն այժմ կը փորձեն կարգաւորիլ երկկողմ յարաբերութիւնները եւ նոյնիսկ կը քննարկեն։ Իրանի տարածքով դեպի Նախիջեւան տարանցիկ նոր ճանապարհ բացելու հարցը, ինչը կարող է մեղմիլ Թեհրանի որոշ հիմնական մտահոգութիւնները:

Այնուամէնայնիւ, Իրանի եւ Բաքուի միջեւ լարվածութեան խոր արմատացած աղբիւրները դժուար թէ արագ լուծուին, եւ, յետեւաբար, պոտենցիալ հակամարտութեան ռիսկը կը մնա  բարձր, յատկապէս, եթէ Իրանի մրցակիցները ճնշում կը գործադրեն Բաքուին վրայ»: