Բերձորին ճանապարհը ադրբեջանցի զինւորականներու կողմէն առեւանգուած Վագիֆ Խաչատրեանը յայտարարեր է, որ չի ընդուներ Բաքու իրեն առաջադրուած մեղադրանքները: Տեղեկութիւնը կը յայտնեն ադրբեջանական լրատուամիջոցները։

Խաչատրեանն ընդգծեր է, որ Արցախեան առաջին պատերազմին ընթացքը որեւէ յանցագործութիւն  չի կատարեր։ Աւելի վաղ յայտներ էինք, որ Բաքու սկսուեր է Արցախին բնակիչ Վագիֆ Խաչատրեանի գործով դատական երկրորդ նիստը։

Բաքուի գլխաւոր դատախազութիւնը զինքը կը մեղադրէ յանցաւոր խումբ ստեղծելուն մէջ` պնդելով, որ գործով տուժուած է ճանաչուեր 59 մարդ։

Յիշեցունք` անհետաձգելի բուժօգնութիւն ստանալու համար Արցախէն Հայաստան տեղափոխուող Վագիֆ Խաչատրեանը Բաքուի սահմանապահ ծառայութեան ներկայացուցիչները առեւանգեցին յուլիս 29–ին։ Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ զինքը մեղադրանք է ներկայացուեր, ըստ որու` Վագիֆ Խաչատրեանն իբր յանցաւոր խումբ է ստեղծեր, որը 1991թ. Դեկտեմբեր 21-ին մասնակցեր է Խոջալուի շրջանի Մեշալի գիւղի բնակիչներու դէմ յանցագործութիւններուն։ Յիշեցունք, որ Բաքուն կը խախտէ Ժնեւեան երրորդ  ՝ ռազմագերիներու հետ վարուելու կանօնները եւ  չորրորդը՝ պատերազմին ժամանակ խաղաղ բնակչութեան եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին համաձայնագիրներու կետերը։ Նշենք, որ Բաքուն երկար ժամանակ կը յրաժարուէր վավերացնիլ ժնեւեան համաձայնագիրները՝ ատոնք յամարելով իր համար անընդունելի։ Սակայն նոյնիսկ ժնեւեան համաձայնագիրներուն չմիացած երկրները եւս պարտաւոր են պահպանիլ ատոնց դրոյթները եւ պատասխանատւութիւն կը կրեն պատերազմի ժամանակ խաղաղ բնակչութեան հանդէպ գործած յանցագործութիւններու համար։