Բաքուի մշակոյթի նախարար Ադիլ Քարիմլին ՝ Իսլամական աշխարհին մշակոյթի նախարարներու 12-րդ համաժողովին ժամանակ Շուշին ներկայացուցեր է որպէս 2024 իսլամական մշակութային մայրաքաղաքի  թեկնածու քաղաք։ Յայտարարութեան մէջ  նշուած է․ «Շուշի քաղաքը եղեր է Բաքուի պատմամշակութային, հասարակական եւ քաղաքական կեանքի կարեւոր կէդրօններէն, ինչպէս նաեւ իսլամական քաղաքակրթութեան խորհրդանիշներէն մէկը»։ 2024 թուականին համաժողովի մասնակիցներու միաձայն որոշմամբ Շուշին հռչակվուեր է 2024 թուականի իսլամական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաք։

Շուշին իր հիմնադրման օրէն ի վեր եղեր է ոչ միայն մահմեդականներու, այլեւ հայ քրիստոնեաներու քաղաք, 18-20-րդ դարերու հայ քաղաքակրթութեան ամենայայտնի օջախներէն մէկը: Եւ քաղաքի հռչակումը որպէս իսլամական աշխարհի  մշակութային մայրաքաղաք ակնյայտորեն կ՚ոտնայարէ  քաղաքի  պատմականութեան, վերջինիս իսկութեան եւ ամբողջականութեան հիմնարար սկզբունքները, որոնք կը բխեն 1994 թ․ մշակութային ժառանգութեան իսկութեան վերաբերեալ Նարայի փաստաթուղթէն, ինչպէս նաեւ յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանման միջազգային խորհուրդի ՝ (ԻԿՕՄՕՍ)-ի կողմէն 2017 թուականին Նիւ Դելի ընդունուած փաստաթուղթէն եւ  ՅՈՒՆԵՍԿՕ-յի եւ այլ միջազգային կառոյցներու փաստաթուղթերէն: Իսկութեան սկզբունքներու պահպանութեան Նարայի փաստաթուղթը կը նշէ, որ մշակութային արժեքներու՝ հակամարտութիւններու մէջ յայտնուելու պարագային  կը պահանջուի  մշակութային արժեքներու յանդեպ լեգիտիմութեան ճանաչում: Իսկ մշակութային ժառանգութեան իսկութեան փաստը ոչ մի պարագային ստորադասուելու է (Իսկութեան վերաբերեալ  Նարայի փաստաթուղթ, 8-րդ կետ): Շուշի քաղաքի հռչակումը որպէս մահմեդական  աշխարհի մշակութային մայրաքաղաք էականորեն կը խաթարէ քաղաքի պատմութեան, ավանդոյթներու, արտաքին եւ ներքին տարրերու,  քաղաքի հանդէպ բնակչութեան պատմական իրողութիւններու իսկութեան փաստը։  Տեղին է վկայակոչիլ նաեւ  2000 թ․-ին Ֆլորենցիա ընդունուած «Լանդշաֆտի պահպանութեան Եվրոպական համաձայնագիրը», որը կը յորդորէ պահպանիլ քաղաքային բնակավայրերը  իրենց ամբողջութեամբ՝ ներառեալ բնական լանդշաֆտը, վերջինիս էութիւնն ու առանձնայատուկ յատկանիշները, արժեքաւորիլ  բնական եւ/կամ մարդկային գործունեութեան արդիւնք հանդիսացող ժառանգութիւնը։ Նոյն համաձայնագիրով Բաքուն  դիցուք կը պարտաւորուի  ճանաչիլ Շուշի քաղաքին բնական լանդշաֆտները` որպէս արցախահայութեան   կենսավայրի էական բաղադրամասեր, վերջինիս  մշակութային եւ բնական ժառանգութեան արտահայտութիւն եւ անոր  ինքնութեան հիմք (Լանդշաֆտի Եվրոպական համաձայնագիր, յօդուած 5) եւ ցանկացած գործողութիւն, որը կժխտէ այս փաստը, էականորեն կխաթարէ Շուշի քաղաքին մշակութային եւ բնական նիւթական եւ ոչ նիւթական ժառանգութեան պահպանութիւնը։ Շուշի քաղաքը միայն մահմեդական աշխարհին վերագրիլը ակնյայտորեն կը ժխտէ նաեւ արցախի հայ հանրոյթին մշակութային իրաւունքները, որով անոնք ունին թէˊ կեանքի, թէˊ իրենց ստեղծագործ մտքի արդիւնքը ստեղծուած ժառանգութեան պահպանութեան իրաւունք, որը կարող է ընդգրկիլ նաեւ ոչ նիւթական տիրոյթը (աւանդոյթ, պատկերացումներ, հավատալիքներ, մշակութային յիշողութիւն եւ այլն) ինչպէս հաստատուած է Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի նորմերու մէջ ։