1919թ.Հունվար 18-ին Փարիզ կը սկսէ գործիլ Խաղաղութեան վեհաժողովը, որը պետք է կարգաւորեր Առաջին համաշխարհային պատերազմին յետեւանքով առաջացած միջազգային, տարածքային, ազգային եւ այլ խնդիրներ։ Հայերը մեծ յոյսեր կը կապէին Խաղաղութեան վեհաժողովին հետ եւ կ՛ակնկալէին, որ Արեւմտեան Հայաստանին հարցը վերջապէս արդարացի լուծում կստանա։ Հայկական շահերը Եվրոպա ներկայացնելու նպատակաւ 1918թ. Դեկտեմբերին սկիզբը  կազմաւորուեր էր հայկական պատւիրակութիւն։ 

Թիֆլիս պատվիրակութեան ղեկավարը Աւետիս Ահարոնեանն էր, անդամներն էին Համո Օհանջանեանը եւ Միքայէլ Պապաջանեանը։ Փարիզ կար եւս մէկ Ազգային պատւիրակութիւն Պողոս Նուբար փաշայի գլխաւորութեամբ, որը ձեւաւորուեր էր դեռեւս 1912թ. Նոյեմբերուն Բալկանեան պատերազմէն ետք Արեւմտեան Հայաստանի  հարցը ներկայացնելու նպատակաւ։ Հայկական պատվիրակութեան ուղեւորութիւնը Եվրոպա դիւրին չէր. Դեկտեմբերին վերջէն մինչեւ 1919թ.Հունվար գրեթԷ կԷսը պատՒիրակութԵան անդամները Թիֆլիս էին, որտեղէն չէին կրնա հեռընալ. հայ-վրացական պատերազմին պատճառաւ Վրաստանին իշխանութիւններն ու բրիտանական ներկայացուցիչները չէին ձեւակերպի անհրաժեշտ փաստաթուղթերը։ Հունվար 9-ին միայն Ահարոնեանն ու Օհանջանեան Բաթումէն կուղեւորուին Պօլիս։ Միքայէլ Պապաջանեանը կը մնա Թիֆլիս «ընտանեկան գործերը» կարգաւորելու համար եւ կը միանա  պատւիրակութեանը միայն Մայիսը։ Այս ձգձգումը, որն ուներ նաեւ անձնական պատճառներ, կը դառնա պատւիրակութեան անդամներուն մեղադրելու առիթ։ 1919թ. փետրվար 4-ին՝ կազմաւորուելէն ուղիղ երկու ամիս անց, հայկական պատւիրակութիւնը կը հասնէ Փարիզ։ Այդ ընթացքը Փարիզի խորհրդաժողովը կը սահմանէ, թէ որ երկրներն ու ժողովուրդները ինչ կարգավիճակով կարող են մասնակցիլ նիստերուն։ Հունվարը կը ձեւաւորուի, ըսպէս կոչուած, 10-ին խորհուրդը, որու կազմին մէջ էին Միացեալ Նահանգներու, Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսիոյ, Իտալիոյ եւ Ճապոնիոյ ղեկավարներն ու արտաքին գործերու նախարարները։ Ապրիլը այս խումբէն դուրս կու գար Ճապոնիան, ապա՝ Իտալիան։ Միւս բոլոր, այդ թւին՝ նոր ստեղծուող երկրներու ներկայացուցիչները կը մասնակցեին միայն այն նիստներուն, որու ժամանակ կը քննարկուեր անոնց վերաբերող հարցերը։ Այսպիսով, հայկական պատւիրակութիւնը չէր մասնակցի նիստերուն, ինչը խոր դժգոհութիւն էր առաջացուցեր։ Աւետիս Ահարոնեանը, հասնելով Փարիզ, կը հանդիպի  ազդեցիկ քաղաքական գործիչներու հետ՝ փորձելով ապահովիլ հայկական պատւիրակութեան մասնակցութիւնը վեհաժողովին նիստերուն։ Միաժամանակ Հայաստանին ներկայացուցիչները կը ձեւաւորէին իրենց հիմնական պահանջներն ու ակնկալիքները, որոնք բաւականին յաւակնոտ էին։

Դատելով Ահարոնեանի յուշերէն՝ նա փորձեր էր ամէն ինչ ընիլ, որպէսզի Պողօս Նուբար փաշան լիակատար մասնակցութիւն ունենա դիւանագիտական աշխատանքները, եւ Ազգային պատվիրակութեան մոտեցումները յաշուի առնուին։

1919թ. փետրվար24-ին՝ Փարիզի իր բնակարանը ընթրիքին ժամանակ, որուն ներկա էր նաեւ Պողօս Նուբարը, Ահարոնեանը կը ստանար վեհաժողովին մասնակցելու հրավերը։ «Ընթրիքէն վերջը անակնկալ կերպով ստացա Խաղաղութեան Կոնգրեսի հրավերը յաջորդ օրը, ճաշէն ետք, ժամը 4-ին ներկայանալ Տասի Խորհրդին (Conseil de Dix)՝ հայկական պահանջները ներկայացնելու։ Բոլոր ներկաներուն այդ ուրախութիւն պատճառեց, կը մնար  միայն ճշտիլ, թէ՝ արդեոք Պողօս Փաշա՞ն ալ ստացեր է նման հրավեր, թէ ոչ։ Յաւատացած էինք, որ նոյնպիսի հրավեր ղրկոիած կըլլա Փաշային բնակարանը։ Հեռախոսով եղած հարցումը, սակայն, բացասական պատասխան ստացաւ։ Անհանգիստ եղանք ամէնքս ալ, իսկ Փաշան յուզուած էր մինչեւ զայրոյթ եւ շտապով տուն գնաց»,- կը գրէ Ահարոնեանը։

Պատվիրակութեան ղեկավարն անմիջապէս կը հրաւիրէ անդամներուն՝ քննարկելու յաջորդ օրուա իր ելոյթը եւ մէկ անգամ եւս յստակեցնելու Հայաստանին պահանջները։ Կորոշուի, որ եթէ Պողօս Նուբար փաշային թոյլ չտան մասնակցիլ նիստին, ապա Ահարոնեանը կներկայացնէ ամբողջ Հայաստանի դատը, իսկ թոյլտւութեան պարագային՝ Նուբար փաշան։

Հայկական պատւիրակութիւններու քննարկումներու արդիւնքը 1919թ. փետրվարը կը ձեւաւորուի հայկական կողմերու ընդհանրական պահանջը՝ անկախ Հայաստանը պետք է ունենար հետեւեալ սահմանները.

1. Վանի, Բիթլիսի, Դիարբեքիրի, Խարբերդի, Սւազի, Կարինի, Տրապիզոնի վիլայեթները։

2. Կիլիկիոյ չորս սանջակները՝ Մարաշը, Գոզանը (Սիս), Ջեբել-Բերեքեթը եւ Ադանան՝ Ալեքսանդրեթի նավահանգստով։

 3. Հայկական Հանրապետութիւնը Կովկաս, ներառեալ Երեւանի նահանգը, Թիֆլիսի նահանգին յարաւային մասը (Լոռին եւ Ախալքալաքը), Ելիզավետպոլի նահանգին յարաւ-արեւմտեան մասը ։