Բաքուն եւ Անկարան կաջակցեն Յարաւային Կովկաս Թեհրանի առաջ քաշած «3+3» ձեւաչափը՝ ի հակակշիռ արեւմտեան բանակցային հարթակներու։ Իրանի քաղաքականութիւնը միշտ ալ ուղղուած է եղեր տարածաշրջանի երկրներու միջեւ երկխօսութեան միջոցով լուծելուն։ Դեռ Արցախեան 44-օրեա պատերազմէն առաջ Թեհրանը բազմիցս այդ մասին ըսեր է, եւ ոչ միայն արցախեան, այլեւ տարածաշրջանային այլ հակամարտութիւններու եւ խնդիրներու ենթատեքստը։ Այս թեմայով միայն 1 հանդիպում է կայացեր, օրակարգը ներառուած են եղեր տնտեսական եւ հաղորդակցութւններու ապաշրջափակման, բայց ոչ քաղաքական հարցեր։ Իրանագէտը շեշտեց, որ 2-րդ հանդիպման օրակարգը, որն Իրանի ղեկավարութիւնն ամէն կերպ կը փորձէ  կազմակերպիլ Թեհրան, դեռեւս յայտնի չէ։ Իրանական կողմը կը ցանկընար, որպէսզի քաղաքական հարցեր քննարկուին, բայց մեծ հարց է՝ արդեոք նոյնը կցանկանան Թուրքական, Բաքուի եւ Ռուսաստանի իշխանութիւնները։ Եթէ նայինք փաստերուն, ապա նման ցանկութիւն անոնք չունին։ Միւս կողմէն, Բաքուն վերջին շրջանը կը խուափէ  արեւմտեան բանակցային հարթակներէն ՝ աջակցելով այն գաղափարը, որ տարածաշրջանային հարցերը պետք է լուծուին հէնց տարածաշրջանի երկրներու մասնակցութեամբ:  Չի բացառուի, որ այժմ Բաքուն եւ Անկարան առաջ տանին «3+3» ձեւաչափը, որպէսզի չեզոքացնեն միւս, տուեալ պարագային՝ արեւմտեան ձեւաչափերը, որոնք իրենց համար ձեռնտու չեն: Նման իրավիճակ է եղեր 2020 թուականին, երբ Անկարան եւ Բաքուն  դա կընեին ի յակակշիռ Մինսկի խումբին ձեւաչափին։ «Անոնց  համար սա պահեստային տարբերակ է, երբ կը ցանկանան միւս ձեւաչափերը ձախողիլ կամ հետին պլան մղիլ։ 

Տեղին է յիշեր, որ Իրանը միշտ է ձգտեր է միջնորդին դեր կատարիլ։

Չնայած Իսլամական Հանրապետութեան ակտիւութեանը՝ այդ ցանկութիւնը չեն կիսեր այլ դերակատարներ։ Խօսքը ոչ միայն Անկարայի եւ Բաքուի մասին է, այլեւ Մոսկվայի, քանի որ ինքը կը ձգտէ բացառիկ միջնորդական դեր խաղալ։ 

Նոյնիսկ ՝ Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ ռազմական գործողութիւնները,  յազիւ թէ էականորեն շեղեն Իրանի ուշադրութիւնը Յարաւային Կովկասէն։ Եթէ մինչեւ 2020թ. պատերազմը Թեհրանն աւելի քիչ ուշադրութիւն կը դարձներ  տարածաշրջանը, ապա այժմ իրավիճակը կտրուկ փոխուեր է։

Որքան ալ Իրանը զբաղուած ըլլա այլ ուղղութիւններով, դժուար թէ նա աչքաթող ընէ Արցախը եւ Սիւնիքը։ Ընդ որում, իրանական փորձագիտական հանրութիւնը Պաղեստինի իրադարձութիւնները կը կապէ  մեր տարածաշրջանին հետ նշելով, որ ատ ուղերձ է Անկարան եւ Բաքուն. անոնց նոյնպիսի դիմադրութիւն կը սպասուի Յարաւային Կովկաս։ Տեղին է յիշեր, որ  չնայած 2022 թուականին ԻԻՀ տեղի ունեցած զանգուածային բողոքին ակցիաներուն, երկրի իշխանութիւնները զորավարժութիւններ են անցկըցուցեր Բաքուին հետ սահմանին՝ եւս մէկ անգամ ցոյց տալով, որ «ձեռքը զարկերակին վրայ կը պահեն»։

Այս քարտեզն այն մասին է, թե ինչ տեղի կունենա Իրանին հետ, եթե Անկարան  օր մը կարողանա գրաւիլ Արեւելեան  Հայաստանը։ Ինչպէս գիտենք , Թուրքմենիան, Աֆղանստանը եւ Պակիստանը Թուրքիոյ դաշնակիցներն են։ Յաշուի առնելով սա, պարզ կը դառնար, որ եթէ հանկարծ Թուրքիոն գրաւէ Արեւելեան Հայաստանը, ապա նա շատ արագ իր ազդեցութեան տակ կառնէ ամբողջ Կովկասը եւ Միջին Ասիան։