Թուխնակալ ապարանքը կը գտնուի Արցախին՝ Ասկերանի շրջանի Մոշխմհատ գիւղէն 1 կմ արեւելք եւ Ղեւոնդեաց վանքէն 800 մետր յարաւ-արեւելք։ Ապարանքը տեղակայուած է պատմական Վարանդա գաւառին Թուխնակալ գիւղատեղը, անտառամերձ լեռնալանջին վրայ։
Ապարանքը կառուցուեր է 18-րդ դարին վերջերուն։ Թէ գիւղատեղը եւ թէ ապարանքի վերաբերեալ պատմական տեղեկութիւններ չեն պահպանուերլ։ Հարակից գիւղերու բնակիչները ապարանքը կը վերագրեն Մելիք-Դոլուխանեաններուն։ Մելիքական շրջանի պատմական աղբիւրներու մէջ կը բացակայէ Դոլուխանեան տոհմանունը, սակայն 19-րդ դարին երկու վիմագիր կը փաստեն Մելիք-Դոլուխանեաններու Վարանդա գաւառը ունեցած բարձր դիրքին եւ իշխանութեան մասին։ Ապարանքը կառուցուած է տեղական կոպտատաշ կրաքարով ։ Բացառութիւն կը կազմեն մուտքի, պատուհաններու, բուխարիի եւ կամարներու եզրաքարերը։ Թուխնակալ ապարանքը արցախեան պատերազմին ընթացքը չի տուժեր, սակայն ադրբեջանական բռնազաւթումէն ետք ադրբեջանական կողմը ինչ-որ «շինարարական» աշխատանքներ կը տանէ համալիրին մօտակայքը, եւ բուլդուզերներու կողմէն հողին հարթեցման աշխատանքները հասեր են համալիրին պահպանական գոտի։ Այդ մասին կը փաստէ Caucasus Heritage Watch-ի
կողմէն ստացուած արբանյակային լուսանկարները:
Ըստ «Զինուած բախումներու պարագային մշակութային արժեքներու պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականին համաձայնագիրին եւ ատոր կից առաջին արձանագրութեան, գրավեալ տարածքները գրավող պետութիւնը պարտաւոր է արգելիլ, կանխիլ եւ, եթէ անհրաժեշտ է, խափանիլ մշակութային արժեքներու գողութեան, կողոպուտի կամ ապօրինի իւրացման, ինչպէս նաեւ ատոնց նկատմամբ վանդալիզմին ցանկացած գործողութիւն։ Ըստ նոյն համաձայնագիրի լրացուցիչ՝ 1999 թուականի երկրորդ արձանագրութեան 9-րդ յօդուածի գ կետի կարգելուի մշակութային արժեքին ցանկացած վերափոխումը, ինչպէս նաեւ ատոր օգտագործման ձեւի փոփոխութիւնը, որոնք նպատակ ունին թաքցնելու կամ ոչնչացնելու մշակութային, պատմական կամ գիտական վկայութիւնները: Իսկ մշակութային ժառանգութեան ՅՈՒՆԵՍԿՕ-յի, ԻԿՕՄՈՍ-ի եւ այլ փաստաթուղթեր կարգելէն ժառանգութեան ձեւի, տարրերու, գործառոյթի, արտաքին եւ ներքին բնոյթի ցանկացած փոփոխութիւն, որոնք կը խաթարեն ժառանգութեան պահպանութեան իսկութեան, ամբողջականութեան, մշակութային կարեւորութեան եւ բացառիկութեան միջազգային հիմնարար սկզբունքները։