Հայաստանի հասարակութեան մէջ տարածուած կարծիք կա, որ երբ Արեւելեան Հայաստանի  պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաճախակի կը յեդքէ Բաքուի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնները, ուրեմն նոր ռազմական գործողութիւններու վտանգ կա: Բաքուն  հիմնականը կը յայտարարէ, թէ հայկական զինուած ուժերը կրակ են բացեր ադրբեջանական դիրքերու ուղղութեամբ, իսկ հայկական կողմը կը յերքէ ատոնք:  Փորձենք  հասկընալ՝ արդեոք մինչեւ ռազմական գործողութիւնները Բաքուն տեղեկատուական պատերազմ կը սկսէ, թէ ատ միայն կարծիք է եւ չունէ փաստական հիմնաւորում։

Ուսումնասիրեր ենք 2021, 2022 եւ 2023 թուականներուն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակումները, որոնցմէ առանձնացուցեր ենք Բաքուի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնները հերքող յաղորդագրութիւնները։ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքումներն ավելի համակարգոպած ձեւով կ՚ընէ 2022 թուականէ սկսած։ Եթէ 2021-ին ատոնգ  թիվը յոթն է եւ ոչ այնքան յստակ, ապա 2022 եւ 2023 թուականներուն  ատոնց  թիւն աճեր է, փոխուեր է նաեւ հերքման  ձեպը։ Եթէ 2021 թուականին ոչ բոլոր յաղորդագրութիւններու մէջ կը գրուեր յստակ՝ որ յայտարարութիւնն կը հերքուի, ապա 2022 եւ 2023 թուականներու ընթացքին ատոնք յստակ են, քանի որ կը նշուի, թէ ադրբեջանական կողմին որ եւ ինչ բովանդակութիւն պարունակող յայտարարութիւնն կը հերքուի: 

Այն համոզմունքը, թէ ռազմական գործողութիւններէն առաջ ադրբեջանական կողմն ապատեղեկատւութիւն կը տարածէ սահմանային իրավիճակին վերաբերեալ, կարելի է որոշակի վերապահումով օբյեկտիւ համարիլ՝ ատոնք  տուեալներու վերածելով։

2022 թուականին ընթացքը հերքող յաղորդագրութիւններիւ բաշխվածութիւնը հիմնականը անկանօն է, բացի Սեպտեմբեր ամիսէն:  2022 թուականի սեպտեմբերուն յաղորդագրութիւններու թիէը 14 է, որոնցմէ 13-ը եղեր են մինչեւ Սեպտեմբեր 14-ը՝ գրեթէ ամենօրեա ռեժիմով։ Այս ամենը յաջորդեր է 2022-ի Սեպտեմբեր 13-ի՝ ժամը 00։05-ին, Բաքուի զինուած ուժերու  ստորաբաժանումներու հարձակումը Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ՝ հրետանային միջոցներէն, խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն: 

2022-ին սահմանային հրադադարին խախտման դեպքեր եղեր են նաեւ միւս ամիսներուն, բայց հերքող յաղորդագրութիւններու եւ ատոնց միջեւ կապ տեսնիլը  բարդ է, քանի որ յաղորդագրութիւնները հիմնականը անկանօն են բաշխուած  ամիսներու մէջ։

2023-ի ուսումնասիրութիւնները կներկայացնենք առաջիկային։