Ադրբեջանցի օգտատերերէն  մէկին կողմէն համացանցը տեղադրուած տեսանիւթերէն կ՚երեւի, որ բռնազաւթուած  Հադրութին շրջանը գտնուող Կավաքավանք վանքային համալիրին տարածքը  շինարարական աշխատանքներ կ՚իրականացուին: 2020 թուականի Հոկտեմբեր 12-14-ը Կավաքավանքի շրջակայքը  ինտենսիւ մարտեր են ընթացեր, տարածքը ենթարկուեր է հրետակոծութեան: Ադրբեջանցի զինւորականները եկեղեցին օգտագործեր են որպէս ռազմական հենակետ, ինչին յետեւանքով կառոյցին զարդաքանդակներն ու հայերէն արձանագրութիւնները զգալիորեն տուժեր կամ եւ ոչնչացուր են: Եկեղեցու վիճակին մասին 44-օրեա պատերազմէն ետք՝  մինչեւ այս տեսանիւթերու ի յայտ գալը, տեղեկութիւններ չկային:

Տեսանիւթէն  կ՚երեւի,  որ եկեղեցին եւ անոր շրջակայքը զգալիորեն տուժեր են յակառակորդին հրետակոծութենէ, կան փլուած յատուածներ, ընկած ու թափուած  քարեր, վնասուած է տանիքը: Այս վնասները նախքան 2020 թուականի պատերազմը առկա չէին: Բացի այդ, ինչպէս կ՚երեւի տեսանիւթէն, եկեղեցին որպէս ռազմական հենակետ օգտագործած զինւորականները եկեղեցիին ներսը՝  տարբեր յատուածները  թողեր են ադրբեջաներէնով արուած տասնեակ գրութիւններ: Անյետացեր է եկեղեցիին  քովը  դեռեւս 1995 թուականին տեղադրուած՝ տարածքն ազատագրած ազատամարտիկներու յիշատակը նւիրուած խաչքարը: Շատ յնարաւոր է, որ խաչքարը ոչնչացուցեր են ադրբեջանցի զինւորականները: Նկատենք, որ ադրբեջանական կողմը չի ալ թաքցներ, որ 1994 թուականէ այս կողմ կանգնեցուած  խաչերու, խաչքարերու, տարաբոյթ յուշակոթողներ, ինչպէս նաեւ նոր կառուցուած եկեղեցիներու հանդեպ իր վեաբերմունքը: Տեսանիւթէն  կ՚երեւի,  որ ադրբեջանական կողմը հարթեցուցեր  է եկեղեցիին  շրջակա տարածքը, կատարեր հողալցումներ: Դատելով տեսանիւթը երեւացող տեխնիկայէն՝  դեպի եկեղեցիին նոր, ասֆալտապատ ճանապարհ կը կառուցուի:  Առաւել մտահոգիչ են եկեղեցիին  ներսը եւ շքամուտքին վրայ կատարուող աշխատանքները: Դատելով տեսանիւթէն՝ շքամուտքը զգալիորեն վնասուած է, համարեա անհետացեր են զարդաքանդակ եզրագոտիները: Եւ իհարկէ, քարոզչական էժանագին հնարքը՝ հայկական միջավայրը, հայերու կողմէն 1742 թուականին կառուցուած եւ հայերէն արձանագրութիւններ կրող եկեղեցին հորջորջեր որպէս աղուանական: Յարկ է նշիլ, որ, ըստ «Զինուած ընդհարման պարագային  մշակութային արժեքներու պաշտպանութեան մասին» Հաագայի 1954 թ. համաձայնագիրի  եւ ատոր լրացուցիչ՝ 1954 թ. եւ 1999 թ. արձանագրութիւններու, կ՚արգելուի համաձայնագիրով  սահմանուած մշակութային արժեքն օգտագործիլ ռազմական նպատակներաւ։ Հաագային 1999 թ. երկրորդ արձանագրութեան 6-րդ յօդուածն  կ՚արգել մշակութային արժեքները վերածիլ ռազմական օբյեկտներու կամ օգտագործիլ այնպիսի նպատակներաւ, որոնք կրնան ատոնք  ավերուելու կամ վնասուելու վտանգին ենթարկիլ։ Իսկ երկրորդ արձանագրութեան 15-րդ յօդուածին գ եւ  դ կետերով այդպիսի  արարքը կ՚որակուի որպէս ռազմական յանցագործութիւն։ Երբ մշակութային ժառանգութիւնն կ՚օգտագործուի  ռազմական նպատակներաւ , կը զրկուի  վերոնշեալ  համաձայնագիրով  սահմանուած իր լրացուցիչ պաշտպանութենէ  եւ կը դառնա քաղաքացիական օբյէկտ: