Արցախեան երկրորդ պատերազմը անմահացած Գեւորգ Արշակեանն իր ծննդեան թիւը կը յամարեր  1991-ը, իսկ ծննդեան օրը՝ Սեպտեմբեր 21-ը: Գեւորգն Օգոստոս  էր զորացրուեր բանակից, բայց պատերազմին լուրն իմանալով՝ ջոկատ էր հավաքեր ու մեկներ առաջնագիծ։  Գեւորգը ծնուեր է պատմաբաններու ընտանիքը: Շատ սպասուած զաւակ էր, ծնողներն ուշ էին ամուսնացեր:  Տղային դաստիարակութեամբ շատ կը զբաղուեր մորական պապիկը՝ Երեւանի պետական համալսարանի իրաւագիտութեան ֆակուլտետին դասախօս, դոցենտ Գեւորգ Յովսեփեանը, որը թոռան մահէն 2 ամիս անց մահացաւ:

Գեւորգն ընդամէնը 24 տարեկան էր, բայց հասուցեր էր միաժամանակ սովրիլ եւ կարմիր դիպլոմով աւարտիլ Երեւանի պետական համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ հոգեբանութեան ֆակուլտետը, իրաւաբանութեան ֆակուլտետը, Վազգեն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանը։ Կ՚աշխտեր «Հայ ասպետ» դպրոցը որպէս ռազմագիտութեան ուսուցիչ։Շատերը Գեւորգը կը յիշեն հէնց «Ամէնախելացին» խաղէն, որու մէջ  տղան իր ողջոյնին խօսքը եզրափակեց Գարեգին Նժդեհին խօսքերով․ «Մահացի՛ր անանկ, որ քու  մահդ ալ ծառայէ հայրենիքդ»։

Գեւորգն աւագ լեյտենանտ էր, իր ընկերներու հետ սկիզբը կռուեր էր իր հարազատ Մատաղիս։ Հէնց հոն էր երկու տարի ծառայեր ու երբ ծառայութեապ օրերուն դիմատետրին  իր էջով ուղիղ եթեր կը մտներ, կ՚ըսեր՝ կ՚ողջունեմ  ձեզի «Մատաղիսին թագաւորութենէ»։ Երբ լսեր էր, որ Շուշիին ծանր է վիճակը, տղաներուն յաւաքեր էր ու շարժուիլ կոն:  Շուշի ոտքէն վիրաւորուեր էր, ընկերները  առաջարկեր էին  հիվանդանոց տանիլ, չէր համաձայնուեր:  Վիրաւոր ոտքով շարունակեր էր  կռուեր։ Գեւորգը զոհուեց Նոյեմբեր 7-ին, անոր յուղարկաւորութիւնը նոյեմբեր 9-ին էր, երբ ստորագրուեց եռակողմ յայտարարութիւնը։ Գեւորգին հոգեհանգստի ժամանակ արդեն շշուկներ կային, որ Շուշիին հանձներ են։ Հայրը զաւակին յուղարկաւորութեան ժամանակ յիշեր է, որ Գեւորգն ամէն անգամ Եռաբլուրին կողքով անցնելիս՝ երանի է տուեր հոն հանգչողներուն, ըսեր է, տեսնես ինչ մեծ գործ են ըրեր, որ ատ  պատուին են արժանացեր: Բայց Գեւորգը վստահ էր, որ մահն իրեն չպիտի  յաղթէ, անոր  երազանքն էր, որ կռուէն վերադառնա, Արշակեաններու գերդաստանը յաւաքէ։