Հոկտեմբերի 17-ին կայացած լիագումար նիստին ընթացքը Իսպանիոյ Սենատը միաձայն ընդուներ է Արցախին հայութեան դէմ Բաքուի սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները դատապարտող յայտարարութիւն: Ինչպէս կը յայտնեն Իսպանիա ՀՀ դեսպանութենէ, յայտարարութեան մէջ կ՚ասուի. «Ի պատասխան Բաքուի իշխանութիւններու կողմէն Արցախին հայ բնակչութեան դէմ իրականացուած ռազմական գործողութեան, որը հանգեցուցեր է հարիւրաւոր հայերու մահուան եւ հազարաւոր մարդոց զանգուածային գաղթի, Սենատը՝

-Խստորեն կը դատապարտէ Բաքուի կողմէն իրականացուող անհիմն ռազմական գործողութիւնները, որոնք կը սպառնան տարածաշրջանային անվտանգութեանն ու կաիւնութեանը:

-Կոչ կ՚ընէ կողմերուն վերականգնիլ դիւանագիտական ուղիները եւ իր մերժումն կը յայտնէ Բաքուի կառավարութեան կողմէն 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի հրադադարով եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի պարտադիր ուժ ունեցող որոշումներով ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելու կապակցութեամբ:

-Կը պահանջէ անյապաղ դադարեցնիլ ռազմական գործողութիւնները՝ յիշեցնելով, որ Բաքուի կառավարութիւնը վավերացուցեր է Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ  ատոր համար պատժի մասին ՄԱԿ համաձայնագիրը:

-Կը ցաւէ եւ կը դատապարտէ մարդկային կեանքերու կորուստը եւ իր համերաշխութիւնն կը յայտնէ Արցախին հայ բնակչութեանը եւ Իսպանիա բնակուող հայ համայնքին։

-Կ՚ընդգծէ Բաքուին իշխանութիւններու պատասխանատւութիւնը՝ Լեռնային Արցախին իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը երաշխավորելու հարցը, եւ կը պահանջէ, որ անոնք  թոյլ  տան միջազգային դիտորդներու եւ հումանիտար օգնութեան մուտքը տարածաշրջան։

-Յաշուի կառնէ եւ կ՚աջակցէ ԵՄ բարձր ներկայացուցիչը եւ Յարաւային Կովկասի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչի ջանքերը՝ համարելով, որ Եվրամիութիւնը կարող է եւ պետք է նպաստէ յակամարտութեան բանակցային, համընդհանուր եւ տեւական լուծում գտնելուն։