Եվրամիութիւնը կարող է ընդլայնիլ իր դիտորդական առաքելութիւնը Արեւելեան Հայաստան՝ ի պատասխան Բաքուիի կողմէն Հանրապետութեան ինքնիշխանութեանն ու տարածքային ամբողջականութեանը սպառնացող սպառնալիքներու: Այդ մասին մամուլին ասուլիսին ժամանակ յայտներ է ԵՄ բարձրաստիճան ներկայացուցիչը։ 

«Մենք Ալիեւը յստակ ըսեր ենք, որ մենք մտահոգուած ենք Արեւելեան Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան խախտման ցանկացած փորձով։ Ատ  Արեւելեան Հայաստանին վրայ հարձակում է եւ շատ լուրջ է։ Մեր առաքելութիւնը կարող է մեծընալ։ Սա այն է, ինչ մենք կըսենք  Բաքուին»,- ըսեր է նա՝ պատասխանելով լրագրողներու այն հարցին, թէ արդեոք ԵՄ-ն մտահոգութիւններ ունէ, որ Արցախ  Բաքուիի ռազմական գործողութիւններուն ԵՄ թոյլ արձագանքին պատճառաւ Բաքուն կարող է մոտ ժամանակներս հարձակուիլ  Հայաստանին տարածքին վրայ։

Դիվանագէտին խօսքով՝ ԵՄ-ն կը քննարկէ, թէ ինչպէս աջակցիլ Արեւելեան Հայաստանին իր կաիւնութեան ամրապնդման գործին մէջ, այդ թուին՝ անվտանգութեան ոլորտը: «Մենք կը քննարկենք  տարբեր տարբերակներ, թէ ինչպէս աջակցիլ Արեւելեան Հայաստանին կաիւնութեանը՝ ֆինանսական, անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան ոլորտներու մէջ»,- յաւելեր է նա: