Ֆրանսիոյ ԱԳՆ-ն չափազանց զգոն է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեանը սպառնացող յնարաւոր սպառնալիքներու նկատմամբ: Այս մասին կ՚ասուի Ֆրանսիոյ ԱԳՆ մեկնաբանութեան մէջ՝ ի պատասխան AFP լրատուական գործակալութեան խնդրանքին՝ կապուած ադրբեջանա-թուրքական զորավարժութիւններու հետ։

«Ինչպէս բազմիցս նշեր է Եվրոպայի եւ արտաքին գործերու նախարար տիկին Քեթրին Կոլոննան, Ֆրանսիոն չափազանց զգոն է ըլլալու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը վտանգելու ցանկացած փորձին առջեւ», – կ՚ասուի Ֆրանսիոյ ԱԳՆ մեկնաբանութեան մէջ, կը յայտնէ  Figaro-ն։