Օսմանեան կայսրութեան մէջ սուլթան Աբդուլ Համիդ II-ի վարած հակահայկական քաղաքականութիւնն իր գագաթնակետը հասաւ 1890-ական թւականներուն, երբ հարիւր հազարաւոր հայեր կոտորուեցան, բռնի կրօնափոխուեցին, տարագրուցին: Նախադէպը չունեցող այդ դեպքերը չէին կարող վրիպիլ  ժամանակակիցներու ուշադրութենէ: Հայերու հալածանքները համաշխարհային արձագանք ունեցան. բազմաթիւ առաջադեմ մարդիկ դատապարտեցին յամիդեան վարչակարգը, եվրոպական մամուլը լոյս տեսան բազմաթիւ դատապարտող յօդուածներ, ծաղրանկարներ, թուրքական վայրագութիւնները պատկերող գրքոյկներ: Օսմանեան կայսրութեան մէջ  ծաւալուեց աննախադէպ նպաստամատոյց գործունեութիւն, որու նպատակը յամիդեան աղետին յետեւանքները մեղմիլն էր : Հայ ժողովուրդի օրհասական դրութիւնը, բնականաբար, չէր կարող չքննարկուիլ եւ չլուսաբանուիլ նաեւ տուեալ ժամանակաշրջանի հայկական մամուլին մէջ: Ինչպէս արեւմտահայ, այնպէս ալ արեւելահայ մամուլը մեծ տեղ է հատկացուցեր հայ ժողովուդի կրած տառապանքներու ներկայացմանը` այդպիսով լուսաբանելով եւ փաստագրելով յամիդեան սարսափները: Որպէս այդ կոտորածներու մեկնարկ՝ կարեւոր նշանակութիւն ունին Սասուն 1894թ. ծաւալուած իրադարձութիւնները: Սասունի` 1894թ. ինքնապաշտպանութեան եւ կոտորածի լուսաբանումը: Այդ նպատակաւ Western Armenia Tv-ին ուսումնասիրեր է  «Մշակի›, «Մուրճի», «Նոր Դարի» եւ «Արձագանքի» հրապարակումները: Այդ թերթերն էին, որ 1890-ական թուականներուն եռանդուն գործունեութիւն էին ծաւալեր Արեւելահայ իրականութեան մէջ: Վերոնշեալ բոլոր  պարբերականներն ալ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան կեանքը ներկայացնող բաժիններ ունեին, որոնց էջերու մէջ շատ են Արեւմտեան Հայաստանի հարցին, ինչպէս նաեւ յամիդեան կոտորածներուն նւիրուած նիւթերը: Յատկանշական են մասնաւորապէս յամիդեան կոտորածներուն առնչուող շարք մը կարեւոր հիմնահարցերու վերաբերեալ Արեւելեան Հայաստանի հայ թերթերու ընկալումները: 

Արեւելահայ մամուլը կը գործեր ցարական գրաքննութեան պայմաններուն, որու յետեւանքով հայերու հալածանքներու մասին բազմաթիւ նիւթեր կամ չէին տպագրուի, կամ ալ պարզապէս «կը մաքրուեին» անցանկալի տեսակետներէն: Ցարական Ռուսաստանի այս քաղաքականութիւնը պայմանաւորուած էր այն հանգամանքով, որ այս շրջանը ռուս-թուրքական յարաբերութիւններու որոշակի մեղմացումկը նկատուեր: Բացի այդ, ցարական կառավարութիւնը կը վախնար, որ սուլթանի հակահայկական քաղաքականութեան դէմ արեւմտահայերու ազատագրական շարժումները կարող են «ոգեւորիչ» նշանակութիւն ունենալ իր ենթակայութեան տակ գտնուող արեւելահայերու համար : Միւս կողմէն հայկական թերթերը, չունենալով թղթակիցներու մեծ բանակ, հաճախ ստիպուած կըլային բաւարարուիլ Արեւմտեան Հայաստանէն հասնող կցկտուր տեղեկութիւններով: Չնայած խոչընդոտող նման պայմաններուն` արեւելահայ խմբագիրները մեծ պատասխանատվութեամբ են մոտեցեր հարցին: Ըսուածը լավագոյնս կը փաստէ  «Մուրճի» խմբագիր Ավետիք Արասխանեանի այն դիտարկումը, ըստ որու. «Մեր ներքին կեանքի ուսումնասիրութեան ծրագրի մէջ մեծ պակասորդ կը լինէր, եթէ Տաճկա-Հայաստանի կեանքը իւր բաժինը չ’ունենար «Մուրճ»-ում: Արդ, մենք սկզբից իսկ մտածեր ենք, որ այդ խնդրի մէջ մեր առարկան պէտք է ըլա  բուն երկիրը իւր ժողովուրդով… «Մուրճ»-ը կ’աշխատի, հնարաւոր եղածին չափ, ամէն ամիս հաշիւ տալ Տաճկա-Հայաստանի ընթացիկ կեանքի դէպքերէն» : Միւս կողմէն արեւելահայ պարբերականները սեփական լրատւութեան պակասը լրացնելու համար լայնորեն օգտուեր են արեւմտեան եւ ռուսական պարբերականներու յաղորդումներէն: Սակայն, անշուշտ, առաւել մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն սեփական թղթակիցներու յաղորդումները եւ դեպքերուն գնահատականները: 

Սասունի 1894 թ. կոտորածը Սասուն հայերն ունեին կիսանկախ վիճակ, որուն պատճառներու վերաբերեալ տեղին դիտարկում կարուի «Մուրճ»-ի համարներէն մէկը. «…Անոր լեռնաբնակ ժողովուրդը վաղուց ի վերկը վայելէ կիսաազատութեան նման դրութիւն մը. բայց այդ դրութիւնը ստեղծեր է ոչ թէ որեւէ քաղաքական արտօնութիւններու շնորհիւ, այլ միայն շնորհիւ երկրի լեռնային դրութեան, ուր բնակիչները, հայ թե քիւրդ, թերեւ ոչ աւելի քան 15 հազար, կէսը հայ, կէսը քիւրդ, երբէք չէին կարող իրենց դրութիւնենէ օգտուիլ յառաջադիմութեան ճանապարհի վրայ իրանց դնելու համար, բոլորովին ընդհակառակը, դա՝ անխնամ թողած տեղերէն մէկ է, ուր մարդկանց վիճակը միանգամայն թողած է բնութեան բերմունքին…» : Ըսուածը լավագոյնս կը բնութագրէ սասունցիներու կիսանկախ վիճակը պայմանաւորող երկու հիմնական գործոնները` աշխարհագրական դիրքը եւ բնակիչներու համեմատաբար անբարեկեցիկ կեանքը: 

Օսմանեան իշխանութիւնները 1890-ական թթ. առաջին կէսին քանի մը անգամ փորձեր էին վերջ տալ ատոր, սակայն ապարդիւն: Սուլթանի հակահայկական քաղաքականութիւնը հասեր էր իր գագաթնակետին, օրեցօր աւելացող հարկերը, հայերու նկատմամբ թուրք աղաներու եւ քուրդ բեկերու սանձարձակ պահուածքը կը ստիպէին սասունցիներուն դիմեր ինքնապաշտպանութեան: 1893 թ. հայերու եւ քուրդերու միջեւ բախումները հաճախակի կը դառնան, իսկ 1894թ. ամռանը հայերը կը դիմեն ապստամբութեան՝ կտրականապէս մերժելով հարկեր վճարիլ: Այսպէս, հարկերը երկար ժամանակ սասունցիներու կողմէն  չվճարիլը պատճառ դարձնելով, բայց իրականը Սասունը հիմնահատակ աւերելու նպատակաւ, 1894թ. Մուշ կէդրօնացուեր են թուրքական չորրորդ բանակի զորամասերը Զեքի փաշայի հրամանատարութեամբ : Հարձակումը սկսուեր է Շենիք եւ Սեմալ գիւղերէն: 

Շարունակելի․․․

Western Armenia Tv-ի լրագրող Աշխէն Վիրաբեան