Շուշի կատարած իր այցին ժամանակ Բաքուի ղեկավար Իլհամ Ալիեւը մասնակցեր է Շուշիի նախկին կերպարուեստի թանգարան կազմակերպուած Հեյդար Ալիևին նւիրվուած ֆոտոցուցահանդէսի բացմանը։

Տեսանիւթը ակնյայտ կերեւի, որ թանգարանի մուտքին մօտ տեղադրուած քանդակներն այլեւս չկան, չկան նաեւ թանգարանի  սրահները ցուցադրուող ստեղծագործութիւնները։ Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանի յաւաքածուն կազմող բոլոր ստեղծագործութիւններու վիճակն ու վայրը կը մնա անյայտ։

Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանի բակը գտնուող ժամանակակից արուեստագէտներու քանդակներու պուրակն ամբողջութեամբ վերացուեր է, իսկ ստեղծագործութիւններու ճակատագիրը նոյնպէս կը մնա անյայտ։ Այդ մասին անդրադարձ էր եղեր դեռ 2021 թուականի Օգոստոս 15-ին, Caucasus Heritage Watch-ի կողմէն յրապարակուած արբանյակային լուսանկարներու շնորհիւ, որին անդրադարձեր էր «Արցախի մշակութային ժառանգությեան մշտադիտարկում» ծրագիրին թիմը։Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանի աւերումն ադրբեջանական վանդալիզմի հերթական դրսեւորումն է, որը  Բաքուիի կողմէն ստանձնած միջազգային համաձայնագիրներու եւ հռչակագրերու  շարք մը դրոյթներու կոպիտ խախտում եւ ոտնահարում է։ Համաձայն «Զինուած յակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժեքներու պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականի Հաագայի համաձայնագիրի 4-րդ յօդուածի՝ արգելուած է մշակութային ժառանգութեան հանդէպ վանդալիզմի, գողութեան, կողոպուտի, իւրացման, թշնամանքի եւ յաշւեհարդարի ցանկացած գործողութիւն։ Ըստ Հաագայի 1954 թուականի առաջին արձանագրութեան՝ արգելուած է գրաւեալ տարածքները ոչնչացնիլ մշակութային կամ հոգեւոր արժեքները։ Հաագայի 1999 թուականի երկրորդ արձանագրութիւնը կը վերահաստատէ այս պահանջը եւ այդպիսի արարքը՝ ըստ 15-րդ յօդուածի, կորակէ որպէս միջազգային յանցագործութիւն։ Մշակութային արժեքներու ոչնչացման գործողութիւններն կարգելուին նաեւ Ժնեւի 1949 թուականի օգոստոս 12-ի պատերազմէն տուժածներու պաշտպանութեան, պատերազմի օրենքներու եւ սովորոյթներու վերաբերեալ միջազգային չորս համաձայնագիրներու եւ արձանագրութիւններու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի համապատասխան բանաձեւերու եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան պայմանագիրներու։