4515 տարի առաջ Հայկը յաղթեց Բելը: Ցանկացած այլ ազգ կհպարտանար այս փաստով, բայց այսօր այս մասին մենք չենք խօսեր, չենք հիշատակեր եւ այս ամէնուն կը վերաբերենք որպէս  լավ հեքիաթի մը: Դժվար է ըսիլ, թէ ինչու է այդպէս, բայց նոյնիսկ անկախութեան վերականգնումէն ետք, մենք այդպէս ալ չենք ուսումնասիրեր,լուրջ գիտական աշխատանք չենք իրականացնի օտարներու գրած պատմութիւններու վերաբերեալ, որոնք  հաճախ նենգափոխուեր են եւ սրբագրուեր:

Մենք կը շարունակենք ընդունիլ օտարներու գրած «ճշմարտութիւնը» մեր ազգի, մեր երկրի պատմութեան մասին:

Միայն հիքսոսներու օրինակը բաւական է, հասկընալու համար, թէ որքան են նենգափոխեր օտարները մեր իսկ պատմութիւնը: Այնքան պարզ եւ ակնյայտ է, որ հիքսոսները հայերն են, որ հիքսոս բառը կը ծագէ հայքոս, այլ կերպ ասած հայքեցի բառէն, բայց մեզի կ՚ուզեն համոզիլ, որ Ք. ծ. ա. 17-րդ դարը Եգիպտոսը նվաճեր եւ այնտեղ մոտ երեք հարիւրամեակ իշխեր են ոչ թէ հայերը, այլ  անյայտ ժողովուրդմը՝ հիքսոս անուանումով:

«Հիքսոսներ (երբեմն՝ հյուքսոսներ), Առաջաւոր Ասիայէն սերող  ցեղ մըն է, որը մ.թ.ա. 17-րդ դարում գրաւեր են Ներքին Եգիպտոսը եւ  հետագային՝ մ.թ.ա. 16-րդ դարը հիմներ են XV եւ XVI դինաստիաները»։ Կը խօսին Առաջաւո Ասիոյ մասին, այնքան անորոշ, կարծես անհասկանալի տարածք մը  ըլլա, այնինչ, խօսքը Հայկական Բարձրավանդակի, Միջագէտքի, այլ կերպ ասած Հայաստանին մասին է: Օտարները հասկընալի պատճառներաւ կը լռեն, իսկ մենք կը լռենք անհասկընալի պատճառներաւ, իսկ ով կը յամարձակուի ըսիլ, թէ ամէն ինչ շատ պարզ է, եւ որ հիքսոսները հայերն են, անմիջապէս գիտական շրջանակները քմծիծաղ կու տան, եւ անոնց կ՚անուանեն դիլետանտներ, այդպէս ժամանակին եղաւ Արտակ Բզնունու հետ:

Գիտնականներու խումբ մը  կը պնդէ, թէ եգիպտերէն «Հիքսոս» անունը, որն սկզբնապէս նշանակեր է «օտար թագաւորներ» («հովիվների կառավարիչներ», նաեւ «հովիվներ»), հետագային տրուեր է այդ ցեղերու ամբողջ խումբին։ Իրականը պարզապէս տեղի է ունեցեր սովորական նենգափոխում: Եւ առանց ամաչելու գիտնականներու այս խումբը կը պնդէ, թէ Եգիպտոս մօտ երեք հարիւր տարի իշխած ազգի իսկական անուանումը յայտնի չէ:

Իսկ հայերը կամ եթէ շատ կ՚ուզեք հին հայերը գրաւելով Եգիպտոսը մայրաքաղաքը կ՚անուանեն Աւարիս: Ուշադրութիւպ դարձրեք քաղաքի անուանմանը: Աւար, ռազմավար: Եւ այսքանէն ետք դեռ գիտնականները կը յամառեն եւ կը յորինեն տարատեսակ հեքիաթներ:

Հիքսոսներու  պատմութիւնը շատ նման է ուրարտացիներ պատմութեանը: Այս պարագային ալ գիտնական կոչուածները մեզի կը յամոզեն, որ ինչ որ տեղէն մհ յայտնուեցան ուրարտացիները, որոշ շրջան իշխեցին եւ անյետացան, չթողնելով ոչ մի հետք, ինչպէս բիւզանդացիները: